«­Մի­ջազ­գա­յին Ճա­նա­չում եւ Դա­տա­պար­տում՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ո­ճի­րին Հա­մար» Թեմայով Խորհրդաժողով Աթէնքի Մէջ

Սփիւռք

Ա­թէն­քի մէջ ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան
խորհր­դա­ժո­ղո­վէն հնչած պատ­գա­մը

Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին, Ա­թէն­քի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղո­ւած գի­տա­կան, մի­ջազ­գա­յին եր­կօ­րեայ խորհր­դա­ժո­ղով մը, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ ­Խորհրդա­ժո­ղո­վը կը վա­յե­լէր ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ ­Բա­ցու­մը ի­րա­կա­նա­ցաւ Ա­թէն­քի Աք­րո­փո­լի­սի թան­գա­րա­նի ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ, ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սի ներ­կա­յու­թեան։ ­Խորհրդա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հրա­ւի­րո­ւած էին ­Հա­յաս­տա­նի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ինս­թի­թութ-թան­գա­րա­նի տնօ­րէն ­Յա­րու­թիւն ­Մա­րու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը։

­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան նո­րա­րար ու ա­մէ­նէն ար­դիա­կան լսո­ղա­տե­սո­ղա­կան մի­ջոց­նե­րով օժ­տո­ւած «­Նիար­խոս» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի ­Ֆա­րոս սրա­հէն ներս, ­Շա­բաթ՝ 8 եւ ­Կի­րա­կի՝ 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 2019ին։ ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը գա­գաթ­նա­կէ­տը կազ­մեց ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ 9 ­Դեկ­տեմ­բե­րին Մ.Ա.Կ.ի կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած՝ ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման դէմ օ­րո­ւան։

Խորհր­դա­ժո­ղո­վը հա­մախմբեց ա­ւե­լի քան 25 գի­տա­կան, ա­կա­դե­մա­կան բարձր վաս­տա­կի ներ­կա­յու­թիւն­ներ, լրագ­րող­ներ, ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­ներ, պատ­մա­գէտ­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ եւ ակ­տի­վիստ­ներ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով զարկ տալ ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րի ծա­նօ­թաց­ման, եւ յատ­կա­պէս ա­նոր կան­խար­գիլ­ման մի­ջոց­նե­րուն, որ­պէս­զի մարդ­կու­թիւ­նը հա­րո­ւա­ծող նման ծանր ո­ճիր­ներ՝ եր­բեք դար­ձեալ չի­րա­գոր­ծո­ւին։

Ներ­կայ էին եւ զե­կոյց­նե­րով հան­դէս ե­կան՝ Իս­րա­յէ­լի մէջ ­Հո­լո­քոս­թի ինս­թի­թու­թի տնօ­րէն Իս­րա­յէլ ­Չառ­նի, փրոֆ. ­Չեն­կիզ Աք­թար, հե­տա­զօ­տող եւ ակ­տի­վիստ ­Թա­մէր ­Չի­լին­կիր, ­Ժը­նե­ւի դի­ւա­նա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի փրոֆ. տոքթ. Ալֆ­րետ ­Մո­րիս ­Տէ-­Զա­յաս, Ե­զի­տի­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան կող­մէ ­Հայ­տար Է­լիաս, ­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց միու­թեան կող­մէ փրոֆ. ­Թե­սա ­Հոֆ­ման, Ա­լա­պա­մա­յի հա­մալ­սա­րա­նի փրոֆ. Ս­թի­վէն ­Ճէյ­քոպս, Իս­րա­յէ­լի ­Պէն ­Կու­րիոն հա­մալ­սա­րա­նի փրոֆ. ­Պե­նի ­Մո­րիս եւ Տ­րոր Զ’Է­վի, ­Նիւ Օր­լէան­զի հա­մալ­սա­րա­նի փրոֆ. ­Ռո­պերթ ­Շէնք, լրագ­րող ­Պեն­ճա­մին Ո­ւէյն­թալ, ­Ռո­ւան­տա­յի մէջ ա­կա­նա­տես դար­ձած վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Քարլ Ո­ւիլ­քէնս, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ան­դամ եւ յու­նաց սփիւռ­քի մնա­յուն յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Սա­վաս Ա­նաս­թա­սիա­տիս, ի­րա­ւա­բան ­Փա­նաեո­թիս Եա­թա­ղան­ծի­տիս, դե­րա­սան-բե­մադ­րիչ Եոր­ղոս ­Քո­թա­նի­տիս, Պ­րիւք­սե­լի հա­մալ­սա­րա­նի փրոֆ. ­Լամպ­րոս ­Քու­լու­պա­րի­ցիս, փրոֆ. ­Վա­սի­լիոս ­Մէյ­խա­նե­ծի­տիս, ­Մի­զու­րիի հա­մալ­սա­րա­նի փրոֆ. ­Նի­քոս ­Մի­խա­յի­լի­տիս, ­Հա­մա­պոն­տա­կան ­Միու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Փար­խա­րի­տիս, Մ.Ա.Կ.ի մէջ ­Գաղ­թա­կան­նե­րու բարձ­րա­գոյն ա­տեա­նի խորհր­դա­կան ­Մէ­րի Ս­թի­լի­տի, ի­րա­ւա­բան Խ­րիս­թոս-­Տի­միթ­րիոս ­Թո­փա­լի­տիս, Ա­րեւմ­տեան ­Մա­կե­դո­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի փրոֆ. ­Գոնս­թան­տի­նոս ­Ֆո­թիա­տիս։ Skypeի մի­ջո­ցով կա­պո­ւե­ցան Ա­մե­րի­կա­յէն՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց մի­ջազ­գա­յին միու­թեան կող­մէ տոքթ. ­Հան­րի ­Թէ­րիօ եւ փրոֆ. ­Սա­մո­ւէլ ­Թոթ­թէն։

խորհր­դա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ հնչած պատ­գամ­նե­րը, յստա­կօ­րէն ամ­րագ­րե­ցին, թէ մարդ­կա­յին հիմ­նա­կան ի­րա­ւանց խախ­տում­նե­րու պա­րա­գա­նե­րը լրիւ մեր­ժե­լի են ար­դի ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հին մէջ եւ պե­տու­թիւն­նե­րու պարտքն է ա­ռա­ջա­տար դիր­քե­րէ պայ­քար մղել, մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճիր­նե­րուն դէմ։

Կ­լոր սե­ղա­նի զրոյց՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով

­Շա­բաթ՝ 8 ­Դեկ­տեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5ին, կլոր սե­ղա­նի զրոյց տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ինս­թի­թութ-տնօ­րէն ­Յա­րու­թիւն ­Մա­րու­թեա­նի եւ հել­լէն խորհրդա­րա­նի ե­րես­փո­խան Ան­կե­լոս ­Սի­րի­ղո­սի կող­մէ։ Զ­րոյ­ցը վա­րեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան։ Պրն. ­Մա­րու­թեան անդ­րա­դար­ձաւ «­Յի­շել թէ՞ մոռ­նալ «դժո­ւար» ան­ցեա­լը» նիւ­թին, լայ­նօ­րէն շեշ­տե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տո­ւեալ­նե­րը ու կեդ­րո­նա­նա­լով նոր սե­րունդ­նե­րուն վրայ ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման։ Ան շեշ­տեց ժո­ղո­վուր­դի դի­մադ­րու­թեան դրո­ւագ­նե­րը, մեր ազ­գի պատ­մու­թեան մէջ, որ հպար­տու­թիւն եւ դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւն կը հա­ղոր­դեն նո­րա­նոր սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնք պարտ­քը ու­նին յա­ռաջ մղե­լու ի­րենց ազ­գա­յին պայ­քար­նե­րը։

Յա­ջոր­դա­բար, խօս­քը տրո­ւե­ցաւ հել­լէն խորհրդա­րա­նի ե­րես­փո­խան պրն. Ան­կե­լոս ­Սի­րի­ղո­սին, որ ­Թուր­քիոյ պատ­մա­կան թէ ար­դի քա­ղա­քա­կան դիր­քե­րուն անդ­րա­դար­ձող դի­պուկ զե­կոյ­ցով մը, շեշ­տեց այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կա­տա­րո­ւած ընտ­րանք­նե­րու դրդա­պատ­ճառ­ներն ու հե­տե­ւանք­նե­րը։ Իր զե­կոյ­ցը կը կրէր «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, թէ՞ պա­տե­րազ­մի մը ճա­կա­տագ­րա­կան հե­տե­ւան­քը» խո­րա­գի­րը։ Ան խօ­սե­ցաւ նոյ­նինքն ­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րուն դէմ կա­տա­րո­ւած հե­տապն­դում­նե­րուն ու դա­տա­կան վճիռ­նե­րուն մա­սին, եւ զար­կը դրաւ ներ­կա­յիս, մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան ըն­տա­նի­քի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին, ­Թուր­քիոյ կող­մէ շա­րու­նա­կո­ւող յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ինչ որ կ’ա­պա­ցու­ցա­նէ թէ այս երկ­րի փան­թու­րա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը եր­բեք փո­փո­խու­թեան չեն են­թար­կո­ւած։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան խօ­սե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի հանգ­րո­ւան­նե­րուն մա­սին, օ­տար պե­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ յա­ջո­ղո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րե­րա­յա­ջորդ ճա­նա­չում­նե­րուն եւ դա­տա­պար­տում­նե­րուն, ­Թուր­քիոյ հա­կազ­դե­ցու­թեան եւ ու­ռաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շուրջ։ Ան դրո­ւա­տեց ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու տո­ւեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րա­գոր­ծու­մը, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեանց պատ­մա­կան փաս­տի ծա­նօ­թաց­ման եւ թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ լուրջ նո­ւա­ճում մըն է։

Այլ ներ­կա­յա­ցում­ներ

Ընդ­հա­նու­րին մէջ, եր­կօ­րեայ խորհր­դա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, ներ­կա­յա­ցում­ներ կա­տա­րուե­ցան հա­յե­րու, յոյ­նե­րու, ա­սո­րի­նե­րու, ե­զի­տի­նե­րու, ռո­ւան­տա­ցի­նե­րու, հրեա­նե­րու պա­րա­գա­նե­րուն շուրջ։ ­Յա­րա­կից նիւ­թե­րու շար­քին, խօ­սո­ւե­ցաւ ­Պոն­տո­սի մէջ յոյ­նե­րու ներ­կա­յի ի­րա­վի­ճա­կին, ­Պոն­տո­սի մէջ մահ­մե­տա­կան­նե­րու վե­րա­ծո­ւած յոյն ազ­գաբ­նակ­չու­թեան, ­Թուր­քիոյ ան­պատ­ժե­լիու­թե­նէն բխած յար­ձա­կո­ղա­կան շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ի­րա­ւա­կան հար­ցե­րու, հա­տուց­ման ի­րա­ւուն­քի ամ­րագ­րու­մին, հրեա­կան ու հա­յոց եւ յու­նա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեանց մի­ջեւ նման կէ­տե­րու առ­կա­յու­թեան, Ե­զի­տի­նե­րուն դէմ շա­րու­նա­կո­ւող ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ ­Յա­գե­ցած թե­մա­նե­րով խորհր­դա­ժո­ղով մըն էր, որ յա­ռաջ քշեց այդ տո­ւեա­լը, թէ՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը միայն զո­հե­րուն եւ ա­նոնց վե­րապ­րած հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն վե­րա­բե­րող հարց չէ, այլ՝ մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն է, որ կա­րե­լի չէ հան­դուր­ժել եր­բեք, քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին կող­մէ, ան­կախ թէ աշ­խար­հի ո՛ր երկ­րին, կամ ո՛ր ազ­գին դէմ ուղ­ղո­ւած կրնայ ըլ­լալ։

Ըն­դու­նե­լու­թիւն՝ ­Յու­նաս­տա­նի
­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ

­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ւար­տին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան խոր­հուր­դը, նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­տի­սի գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ խորհր­դա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից դա­սա­խօս­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ո­րոնց կար­գին նաեւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-ինս­թի­թու­թի տնօ­րէն ­Յա­րու­թիւն ­Մա­րու­թեան, ­Կի­րա­կի՝ 8 ­Դեկ­տեմ­բե­րի գի­շե­րը, այ­ցե­լե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սին, ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը կը վա­յե­լէր խորհր­դա­ժո­ղո­վը։

Պրն. ­Փաւ­լո­փու­լոս շնոր­հա­ւո­րեց խորհր­դա­ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մը, նշե­լով, թէ մեծ ներդ­րում էր ­Յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ար­դար պա­հանջ­քի մի­ջազ­գայ­նաց­ման գոր­ծին մէջ։

Ան ը­սաւ, թէ յանձ­նա­ռու պէտք է մնալ, որ­պէս­զի միաս­նա­կա­նօ­րէն ու վճռա­կա­մու­թեամբ հե­տապն­դո­ւի ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, ինչ­պէս նաեւ ­Թուր­քիա պար­տի ճանչ­նալ իր ան­ցեա­լը, հրա­ժա­րե­լով ժխտո­ղա­կան իր կե­ցո­ւած­քէն։

Ան ա­ւել­ցուց, թէ ինք անձ­նա­պէս, ա­ջա­կից պի­տի գտնո­ւի ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած թան­գա­րա­նի մը ի­րա­գործ­ման ծրագ­րին։

«Ազատ օր»

Յունաստան