ՍՕԽ-Ի 100-ամեայ Երթի Յոբելիանին Պարգեւատրուեցան 50 Տարուան Ծառայութիւն Ունեցող Անդամուհիները

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան, Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի 100-ամեայ յոբելեանին յիշատակումը:

Հանդիսութեան սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Համայնքապետ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներ, Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու գրասենեակի պետական տնօրէնը, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, ՍՕԽ-ի մեծ ընտանիքի անդամներ:

Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շրջ. Վարչութեան անդամ ընկհ. Սիւզի Խշուաճեան, վեր առնելով միութեան հարիւրամեայ ժողովրդանուէր ծառայութեան խորհուրդը: Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Շրջ. Վարչութեան անդամ ընկհ. Լենա Էլէյճեան, որ յատկապէս պատերազմի տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ բարեսիրական աշխատանքներուն կարեւորութեան անդրադարձաւ։
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան տիկին Ռիթա Կաղեան՝ ասմունք, մասնակցութեամբ Տարօն Տիքպիքեանի, Թիթառ Աղազարեանի եւ Արենա Պօշկէզէնէանի, զուգերգ՝ Արման ՏէրՊետրոսեանի եւ Կալին Պալապանեանի՝ «Մարտիկին Երգը», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, մենապար՝ Նանոր Մարտիկեան, Խաչատուր Աւետիսեանի «Էլէկիա» երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, նուգակցութեամբ Անժէլ Շէօհմէլեանի (քանոն) եւ Ռուզան Պարսումեանի(դաշնամուր), մեներգ՝ Մարինէ Մարգարեան, Խաչատուր Աւետիսեանի «Անոյշ Հովիկ», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ՍՕԽ-ի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն:
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան խօսքը ներկայացուց Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սեդա Կէրկէրեան: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան նախկին անդամ ընկհ. Զեփիւռ Է. Րէիսէան:
Աւարտին 12 վաստակաշատ խաչուհիներ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան գնահատագրերով պարգեւատրուեցան, միութեան շարքերէն ներս իրենց մատուցած աւելի քան 50 տարիներու անձնուէր ծառայութեան համար: Օրուան բանախօսն էր Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղի անդամ դոկտ. Շողիկ Աշըգեան, որ ներկայացուց ՍՕ Խաչի պատմականն ու հարիւրամեայ գործունէութեան նպատակը եւ մարտահրաւէրները:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, որ ըսաւ, թէ 50-ամեայ ծառայութիւն ունեցող խաչուհիներուն ստացած գնահատագրերը համալսարանական վկայականէ մը աւելի մեծ խորհուրդ ունին այս բեմին վրայ: Մեր մայրերուն եւ քոյրերուն ծառայողական աշխատանքին շնորհիւ է, որ հալէպահայը, լիբանանահայը, Միջին Արեւելքի բոլոր հայ գաղութներու մեր զաւակները, ամէնէն ծանր պայմաններու մէջ ապրելով մէկտեղ կարօտեալներ չդարձան, այլ արժանապատիւ կեանք ապրեցան ու հայկական միջավայրի ջերմ մթնոլորտին մէջ դէմ դրին կեանքի դժուարութիւններուն։

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ 100-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատում։