Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակէն

Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին, 5-7 Դեկտեմբեր 2019-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 27 միութիւններու մասնակցութեամբ գումարուած եռօրեայ համահայկական խորհրդաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:

Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր քննել եւ հաստատել երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու վերամշակուած հայեցակարգը, ռազմավարութիւնը եւ գործառոյթները:

Խորհրդաժողովը իր օրակարգերուն վրայ քննարկեց Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան վերաբերող հարցերը եւ կատարեց հետեւեալ հաստատումները.

«Հայաստանի ներկայ իրավիճակը կը յատկանշուի ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ ի յայտ եկող բազմաթիւ զարգացումներով եւ մարտահրաւէրներով: ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները յանձնառու են հզօր, ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազգային արժէքներ կրող հայրենի պետականութեան կերտման գործին:

«Այս ծիրին մէջ, ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները շեշտը պիտի դնեն ընկերվարական բնոյթի ծրագիրներուն, ընկերային արդարութեան, բնապահպանական եւ այլ ընկերային-տնտեսական բնոյթի հարցերու վրայ:

«Խոր մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ՝ ժողովը հաստատեց, որ այս նպատակներուն հետապնդումը ներկայ հակադաշնակցական պայքարի պայմաններուն մէջ առաւել լարումով կ՛ընթանայ:

«Անցնող շաբաթներուն ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան երկրի քաղաքական դաշտին վրայ իրականացուցած աշխատանքները լաւագոյն ապացոյցներն են այս ուղղութեամբ:

«Արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթական աւարտը ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ հայութեան իտէալներու իրականացման նախապայմանն է: ՀՅԴ երիտասարդութիւնը իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ այդ պայքարի յառաջընթացի բոլոր ոլորտներուն մէջ:

«Թրքական պետութեան կողմէ մեր արդար իրաւունքներու հատուցման հարցը պիտի շարունակէ իշխող մնալ հայ երիտասարդութեան օրակարգին վրայ: Պիտի մղենք երիտասարդութիւնը, որպէսզի Արեւմտահայաստանը ո՛չ միայն մեր պատմական հայրենիքը նկատէ, այլեւ գրաւուած հայրենիքը, որուն ազատագրման նկատմամբ հաւատքը պիտի մնայ աներեր: Այս շրջագիծին մէջ կարեւոր վերաբերմունքի պիտի արժանանայ 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարական վճիռին հարիւրամեակի նշումը 2020-ին:

«ՀՅԴ երիտասարդական միաւորները յանձնառու են հայակերտման միտուած ճիգերով՝ նպաստելու Սփիւռքի համայնքներու հզօրացման: Երիտասարդութեան կողմէ ի գործ պիտի դրուին ջանքեր, որպէսզի Սփիւռքի վերակենսաւորման օրակարգը դառնայ տիրական: Յատուկ ուշադրութեան արժանի է Միջին Արեւելքի հայ երիտասարդութիւնը, որ շրջանի դժնդակ պայմաններուն բերումով կը դիմագրաւէ մեծածաւալ մարտահրաւէրներ:

«Ջաւախքի հայեցի դիմագիծը պահպանելու համար պարտինք սատարել ջաւախահայութեան անհատական ու հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ՝ օժանդակենք, որպէսզի ջաւախահայութեան ընդհանրապէս եւ անոր երիտասարդութեան մասնաւորապէս ծաւալած աշխատանքները նոր թափ ստանան:

«Հիմնուելով նախադրեալ ռազմավարական ուղղութիւններուն վրայ՝ խորհրդաժողովը նաեւ հանգամանօրէն անդրադարձաւ ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական, «Դէպի Երկիր», ուսանողական, արտաքին յարաբերական եւ քարոզչական ոլորտներու վերաբերող ծրագիրներուն:

«Խորհրդաժողովը հաստատեց հետեւեալ կէտերը.

«ա.- Շեշտը դնել գաղափարական, քաղաքականացած, կարգապահ եւ քննական միտք ունեցող երիտասարդութիւն պատրաստելուն վրայ: Ժողովը յայտնեց իր ընդվզումը ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան կարգ մը նախկին անդամներու անկարգապահ եւ կասկածելի ընթացքին համար, որ խոտոր կը համեմատի մեր ամրապինդ կառոյցի գաղափարական հիմքերուն հետ:

«բ.- Ստեղծել յաւելեալ առիթներ, որպէսզի ՀՅԴ երիտասարդութիւնը Հայաստանի, Արցախի, Արեւմտահայաստանի եւ Ջաւախքի մէջ զանազան տեսակի աշխատանքներ, ուխտագնացութիւններ, գործուղումներ, համախմբումներ եւ վարժողական ծրագիրներ իրականացնէ:

«գ.- Վերահաստատել ՀՅԴ ուսանողական միութիւններուն համալսարանական շրջանակներու մէջ ՀՅԴ քաղաքական նպատակները ներկայացնողի եւ կուսակցութեան համար մտաւոր ներհոսք ապահովողի կարեւոր դերերը՝ քաջ գիտակցելով, որ յառաջադէմ ուսանողութեան համախմբողի առաքելութիւնը ազգային նպատակներու իրականացումին մէջ էական բաժին ունի:

«դ.- Պատրաստել քաղաքական-յարաբերական գործի ատակ մարդուժ եւ կազմաւորել միջազգային ու տեղական քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներու մէջ հմտութիւն ունեցող երիտասարդներ: Բարձրացնել նաեւ համաշխարհային երիտասարդական հարթակներու վրայ Հայ Դատի եւ միջազգային այժմէական հիմնախնդիրներ (մարդկային տարրական իրաւունքներու ոտնակոխում, ընկերային անհաւասարութիւն, կիներու նկատմամբ անիրաւութիւն, կենսոլորտի ապականում, բնական հարստութիւններու անհաւասար բաշխում, աղքատութեան դէմ պայքար):

«ե.- Ճիշդ օգտագործել զանգուածային լրատուամիջոցները եւ ընկերային ցանցերը՝ իբրեւ կարեւոր միջոց ՀՅԴ երիտասարդականի եւ ուսանողականի նպատակները եւ գործունէութիւնը երիտասարդութեան ներկայացնելու համար: ՀՅԴ երիտասարդականը եւ ուսանողականը ամէն ջանք պէտք է գործադրեն կուսակցութեան որոշումներուն համահունչ արդիական, գրաւիչ, հետեւողական ու ներգործող քարոզչութիւն կատարելու համար»:

Երեք օրերու ընթացքին 18 երկիրներէ հայրենիք ժամանած երիտասարդները վերոնշեալ քննարկումներուն եւ հաստատումներուն կողքին՝ ներկայացուցին իրենց աշխատանքային զեկուցումները, փոխանակեցին իրենց փորձառութիւնները եւ զիրենք միացնող գաղափարական դաստիարակութեամբ ստեղծեցին ընկերական հարազատ մթնոլորտ, որուն ջերմութիւնը իրենց հետ պիտի տանին իրենց երկիրները:

 

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ

ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

7 Դեկտեմբեր 2019