Հելսինքեան Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` ՀԵՄ-Ի Հաւաքին Մասին

Հայաստան

Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէն յայտարարութիւն հրապարակեց 3 դեկտեմբերին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան առջեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած  հաւաքին վերաբերեալ:

«Հաւաքի ընթացքին Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէին կողմէ  կատարուած դիտորդութեան ընթացքին արձանագրուած են մասնակիցներու` հաւաքներու ազատութեան իրաւունքի նկատմամբ ոչ համաչափ միջամտութիւններ: Մասնակիցներուն կողմէ Վ. Սարգսեան փողոցի երթեւեկելի հատուածին մէջ նստացոյցը սկսելէ գրեթէ անմիջապէս յետոյ ոստիկանութեան ներկայացուցիչը մասնակիցներէն  պահանջած է հեռանալ փողոցէն:

Թէեւ պահանջը միայն փողոցի երթեւեկելի հատուածը ազատելն էր, հաւաքի մասնակիցներուն կողմէ պահանջը չկատարելէ յետոյ ոստիկանութիւնը նստացոյցի մասնակիցներէն մօտ երկու տասնեակի բերման ենթարկեց: Ոստիկանութեան կողմէ մասնակիցները բերման ենթարկելու ընթացքին (ժամը 16:30-17:30-ի սահմաններուն) առանձին դէպքերով ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած է կոպիտ, անհամաչափ ուժ:

Կը գտնենք, որ նշուած գործողութիւնը վարչարարութեան տեսակէտէ  անհրաժեշտ չէր, քանի որ այլ եղանակով ոստիկանութիւնը կրնար հասնիլ իր առջեւ դրուած նպատակին` փողոցի երթեւեկութիւնը վերականգնելուն: Հաւաքի վայրին մէջ ոստիկանութեան ներկայ ուժերը (ըստ դիտարկման, աւելի քան 200, տարբեր ստորաբաժանումներէ, ներառեալ` յատուկ գումարտակէ) բաւարար էին այլ եղանակով մասնակիցները երթեւեկելի հատուածէն հեռացնելու եւ վերջիններուս կողմէ փողոցը կրկին փակելը թոյլ չտալու համար (օրինակ` մայթեզրի երկայնքով շղթայ կազմելով, ինչ որ արդիւնքով ըրին ոստիկանութեան ծառայողները): Հաշուի առնելով, որ նստացոյց իրականացնող մասնակիցներու մօտաւոր կէսը բերման ենթարկուած են, ոստիկանութեան գործողութիւնները յանգեցուցած են հաւաքի փաստացի դադրեցման»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: