Արթուր Առուշանեանը՝ Քիոքուշին Քարաթէի Աշխարհի Եռակի Ախոյեան

Այլեւայլ, Հայաստան
Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր-Սուլթանի մէջ, Դեկտեմբեր 7-8, կայացած է քիոքուշին քարաթէի Աշխարհի առաջնութիւնը:Aparaj.am-ի տեղեկութիւններով՝ առաջնութեան 60 քկ քաշային կարգի մէջ, Հայաստանը ներկայացնող արցախցի մարզիկ, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Արթուր Առուշանեան դարձած է աշխարհի ախոյեան:Արթուր Առուշանեան՝ նախ յաղթելով թուրք եւ ղազախ մրցակիցները՝ եզրափակիչին հանդիպած է Վրաստանի ներկայացուցիչին եւ յաղթանակ տանելով` դարձած քիոքուշին քարաթէի աշխարհի եռակի ախոյեան:

Քիոքուշին քարաթէ մարզաձեւի պատմութեան մէջ Արթուրի արձանագրած ցուցանիշները բացառիկ են. ան աշխարհի միակ եռակի ախոյեանն է այս մարտարուեստին մէջ: