«Արցախ՝ Արարել Ապրելու Համար» Խորագիրով Ցուցահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Դեկտեմբեր 9-ին, ժամը՝ 17:00 -ին, Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ, «Վիկտորիա» միջազգային բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ ժամկէտային զինծառայութեան մէջ գտնուող «Փ. Թերլեմեզեան»-ի անուան գեղարուեստի քոլէճի սաներու, երիտասարդ նկարիչներ՝ Հայկ Գալոյեանի եւ Դաւիթ Բոցինեանի «Արցախ՝ արարել ապրելու համար» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Aparaj.am-ը։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբեր 12։