Պոլսոյ Հայկական «Նոր Զարթօնք» Շարժումը Կոչ Ըրած է Պոյքոթելու Պատրիարքի Ընտրութիւնները

Սփիւռք

Պոլսոյ հայկական «Նոր Զարթօնք» շարժումը գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է պատրիարքի ընտրութիւններու առնչութեամբ:

Թրքական Demokrathaber կայքի փոխանցմամբ` «Նոր Զարթօնք»-ի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան  կողմէ ուղարկուած Հայոց պատրիարքարանի ընտրութեան կանոնակարգը կը հակասէ Սահմանադրութեան ու միջազգային համաձայնագիրներուն:

«Պատրիարքի տեղապահն ալ ըսած է, որ այս պայմաններու մէջ արդար ընտրութիւններ պիտի ըլլան: Հակառակ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու արձագանգներուն ու Սահմանադրական դատարանի որոշումին, պատրիարքական տեղապահ Մաշալեան, նախաձեռնող պատուիրակութիւնը եւ հիմնադրամներու ղեկավարները պարզ եւ արժանապատիւ կեցուածք չընդունեցին եւ իրենց պարտականութիւնները չկատարեցին»,–news.am-ի փոխանցմամբ` նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Նոր Զարթօնքը» նաեւ կոչ կ՛ընէ դէմ դուրս գալու անօրինական որոշումին եւ պոյքոթելու պատրիարքի ընտրութիւնները: