Զոհրապ Մնացականեան Վերահաստատած Է Խաղաղ Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ ՀՀ-ի Առաջնայնութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Պրադիսլաւա գտնուող Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ:

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախարարը եւ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը ընդգծած են պարբերաբար տեղի ունեցող հանդիպումներուն եւ շփումներուն կարեւորութիւնը ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչի իրաւագիրի ծիրէն ներս տարածաշրջանին առնչուող հարցերու քննարկման եւ խնդիրներու վերհանման գործին մէջ:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն շուրջ: Նախարար Մնացականեան Թոյվօ Քլաարին ներկայացուցած է նախօրէին ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահներու եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարի հետ ունեցած հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները եւ գործընթացին վերաբերեալ Հայաստանի գնահատականները:

Զոհրապ Մնացականեան վերահաստատած է խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի առաջնայնութիւնները, որոնք ժամեր առաջ ներկայացուցած է ԵԱՀԿ նախարարական խորհրդաժողովին:

Զրուցակիցները կարեւոր համարած են ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելուն ուղղուած վստահութեան միջոցներու ձեռնարկումը: Այս ծիրէն ներս ԱԳ նախարարը արձանագրած է Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ատրպէյճանէն լրագրողներու փոխանակման ծրագիրի իրականացումը: