Պիտի Լսուի Ոչ Թէ ՀՅԴ-ի, Այլ Անոր Ազդեցութիւնը Անտեսող Իշխանութիւններուն Հեռացող «Գնացքի Անիւներուն Տրոփիւնը». Քաղաքագէտ

Հայաստան

Քաղաքագէտ, իրաւաբան Ռոպերթ Մարգարեան, ըստ Yerkir.am-ի, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է` պիտի լսուի ոչ թէ ՀՅԴ-ի, այլ անոր ազդեցութիւնը անտեսող իշխանութիւններուն հեռացող «գնացքի անիւներու տրոփիւնը»:

Ան, մասնաւորապէս, նշած է.

«Քանի մը անգամ գրած եմ, որ գոյութիւն ունին անուններ, որոնք արտասանելով հնարաւոր է հունէ հանել ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անոր պարտադրելով պատռել դիմակն ու գոնէ մէկ անգամ անկեղծանալով արտայայտել ա՛յն ինչ այդ պահուն իրապէս կ՛անցնի իր միտքէն: Այդ անուններու շարանը սկսաւ Ռոպերթ Քոչարեանով ու Սերժ Սարգսեանով, իսկ ամիսներ առաջ անոնց շարքին աւելցաւ նաեւ Վիտալի Բալասանեանը: Այսօր այդ շարանը համալրուած է եւս մէկով` ՀՅԴ-ով:

ՀՀ ԱԺ ժողովին պատասխանելով ԿԳՄՍ նախարարին հրաժարականը պահանջող ՀՅԴ երիտասարդներու բողոքի ցոյցին առնչութեամբ պատգամաւորներէն մէկուն հարցումին՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ «կարելի չէ ոեւէ նախարարի հրաժարական տեղի ունենալ քաղաքական զերօ ազդեցութիւն ունեցող քաղաքական ուժի քմահաճոյքին արդիւնքով: Խօսքը քաղաքական ուժի մասին է, որ երկար տարիներ Հայաստանի մէջ եղած է ապօրինի կաշառակեր իշխանութեան կարեւոր յենասիւներէն մէկը, եթէ ոչ՝ աւելին»:

ՀՅԴ-ի երիտասարդներու ցոյցին հանդէպ «թաւշեայ իշխանութիւն»ներուն երէկ գործադրած բռնաճնշումը, իսկ այսօր՝ Ազգային Ժողովի նիստին՝ Նիկոլ Փաշինեանի ջղային պատասխանը արդէն իսկ կը վկայեն, որ ՀՅԴ-ն քաղաքական զերօ ազդեցութիւն ունեցող ուժ չէ:

Ի դէպ, նոյն այդ զերօ ազդեցութիւն ունեցող ուժին անդամագրուած ընդամէնը քանի մը տասնեակ երիտասարդներ յաջողեցան պատռել «թաւշեայ իշխանութիւն»ներու կեղծ դիմակն ու յօդս ցնդեցնել Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը ժողովուրդին պատկանելու առասպելը: Այդ մասին կը վկայէ այն փաստը, որ իբր ժողովուրդին պատկանող իշխանութեան ներկայացուցիչը ո՛չ միայն պատրաստ չեղաւ ընդունելու ու զրուցելու նոյն ժողովուրդի մէկ հատուածը համարուող երիտասարդներուն հետ, այլ թաքնուեցաւ ոստիկանութեան ուժերու ու կարմիր պերետաւորներու թիկունքին:

Նիկոլ Փաշինեան գրեթէ նոյն ձեռագիրով կը կրկնէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ըրած սխալը:

ՀՀ վարչապետը թող յիշէ, որ նոյն սխալին արդիւնքով էր, որ ժամանակէն շուտ լսուեցաւ ո՛չ թէ 130-ամեայ ՀՅԴ-ի, այլ զայն մերժող ու համազգային դաշտի մէջ անոր ազդեցութեան ուժը անտեսող իշխանութիւններուն «գնացքի անիւներու տրոփիւնը»: