Ձերբակալուեցաւ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի Եւ Մարմնակրթութեան Փոխնախարար Գէորգ Լոռեցեանը

Հայաստան

Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ ձեռնարկուած հետախուզական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝  4 Դեկտեմբեր 2019-ին, մեծ գումարի կաշառք ստանալու կասկածով բերման ենթարկուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեանը, ինչպէս նաեւ վերջինիս վարորդը ու Հայաստանի մէջ գործող ֆութպոլի ակումբներէն մէկուն նախագահը, որ նոյն ժամանակ կը հանդիսանայ նաեւ շարք մը մատակարարող ընկերութիւններու փաստացի ղեկավարը:

«Ձեռք բերուած նախնական տուեալների համաձայն՝ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալը,  նախարարութեան ենթակայ հիմնարկների կարիքների համար մարզագոյքի եւ մարզահագուստի ձեռքբերման նպատակով յայտարարուած մրցոյթներում աջակցութիւն ցուցաբերելով վերոնշեալ տնտեսվարողին, դրա դիմաց վարորդի օժանդակութեամբ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերել ստանալ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք գումար:  Տնտեսվարողի կողմից գումարի մի մասը նախարարի տեղակալի վարորդին փոխանցելուց անմիջապէս յետոյ վերջիններս բռնուել են», նշուած է ԱԱԾ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Գէորգ Լոռեցեան 30 Հոկտեմբեր 2018-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով նշանակուած է Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի տեղակալ,  2016 թուականէն Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է։