Կոչ Կ՝ուղղենք Փաշինեանին՝ Մնալու Զբաղեցուցած Պաշտօնի Լիազօրութիւններու Ծիրին Մէջ․ ՀՅԴ ԳՄ Յայտարարութիւնը

Հայաստան

Հ.Յ. Դաշնակցութեան վերաբերեալ վարչապետի` Ազգային ժողովի մէջ հնչեցուցած մերկապարանոց յայտարարութիւնը անհանդուրժողականութեան, փաստերը խեղաթիւրելու եւ պետութեան կառավարման պատասխանատւութիւնը անհաւասարակշիռ քաղաքական վարքագիծով փոխարինելու դրսեւորում է։ Այս բովանդակութեամբ յայտարարութիւն տարածած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը։

«Շահարկելով երկրին մէջ առկայ բազմաթիւ բացասական երեւոյթները, խախտելով սահմանադրական կարգի հիմնարար սկզբունքները՝ Ն. Փաշինեանը կը ձգտի միահեծան իշխանութեան` նախկին անընդունելի դրսեւորումներու մերժումը վերածելով անցեալի ուրացման, չխորշելով անգամ ազատագրական պայքարի ձեռքբերումներն ու զանոնք մարմնաւորող ուժերը նսեմացնելէն:

Լաւագոյն ապագայ կերտելու՝ հանրութեան երազանքը, յոյսն ու քաղաքական երկխօսութեան պահանջները կը բախին բարեփոխումներ իրականացնելու անկարող իշխանութեան յարձակողական վարքագիծին:

Դաշնակցութեան վարկանիշը կասկածի տակ դնող Փաշինեանը կ՝ուրանայ նաեւ սեփական քայլերն ու մօտեցումները՝ մոռնալով, որ անցումային կառավարութիւն ձեւաւորելու ընթացքին գործընկերութիւն կը փնտռէր Դաշնակցութեան հետ եւ պատասխանատու պաշտօններ կը վստահէր:

Ժողովուրդը պառակտելու` Ն. Փաշինեանի՝ անվերապահօրէն յաջողած ձեռքբերումն ու գիտարուեստը փորձ կը կատարուի տարածելու Դաշնակցութեան վրայ: Դաշնակցութիւնը մէկն է, եւ Դաշնակցութիւնը պաշտպանուելու կարիք չունի: Դաշնակցութիւնը իր անցեալի, իր ժառանգութեան տէրն է, իր բացթողումները խմբագրելու կամք եւ ունակութիւն ունի: Նաեւ յստակ է ՀՅԴ յանձնառութիւնը` ծառայելու պետականութեան, բայց ոչ՝ օրուան իշխանութիւններուն եւ քաղաքական կոնիւնկտուրային:

Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` խորապէս անհանգստացած Հայաստանի ներկայով, երկրին մէջ վարուող անհեռատես ու անհաւասարակշիռ ժողովրդական քաղաքականութեամբ, սուտի եւ կեղծիքի մոլեգնող իրողութեամբ, երկրի ներքին եւ արտաքին վտանգները դիմագրաւելուն անպատրաստ իշխող քաղաքական խումբի գործունէութեամբ:

Կոչ կ՝ուղղենք Ն. Փաշինեանին` սթափուելու եւ մնալու զբաղեցուցած պաշտօնի լիազօրութիւններու ծիրին մէջ, լուծելու երկրի առջեւ օրէ օր ահագնացող մարտահրաւէրները:

Կը դիմենք ողջախոհ հանրութեան ու քաղաքական ուժերուն՝ համախմբուելու երկիրը այս անհեռանկար ընթացքէն ետ պահելու օրակարգի շուրջը»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ: