Արցախի Խորհրդարանի Ամենամեծ Խմբակցութիւնը Միացաւ ՀՀ Վարչապետի «Մարտահրաւէր»-ին

Հայաստան

«Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան «Հայրենիք» խորհրդարանական խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորները որոշած են մասնակցիլ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ամսական 10.000 ՀՀ դրամ իրենց աշխատավարձէն տրամադրելու համահայկական շարժումին:

Այս մասին՝ «Արցախփրես»-ի՝  ըսած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արպատ Աւանեսեան` նշելով, որ այս որոշումը առնուած է խմբակցութեան այսօր տեղի ունեցած նիստին:

 «Անուրանալի է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դերը Արցախի կեանքին մէջ: Մենք ամէն տարի մեր համեստ մասնակցութիւնը կ՛ունենանք դրամահաւաքին, բայց վերջին տարիներուն տպաւորութիւն կայ, որ հետաքրքրութիւնը կը նուազի: Սա անընդունելի է, քանի որ հայրենիքը մեր բոլորիս աջակցութեան կարիքը դեռ կը զգայ ու միշտ պիտի զգայ, կարեւոր չէ` երբ, ինչպէս: Այս առումով մեզ եւս ոգեւորած է ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը, որ իւրաքանչիւր հայ ամսական դրութեամբ իր բաժին մասնակցութիւնը ունենայ: Մեր խմբակցութեան բոլոր 16 պատգամաւորները եւս որոշած են միանալ այդ համազգային շարժումին: Ի դէպ, քանի որ մէկ ամիս ետք պիտի աւարտին Խորհրդարանի լիազօրութիւնները, աւագ գործընկերոջ իրաւունքով խնդրած եմ բոլորին չսահմանափակուիլ նշուած ժամկէտով»,- նշած է Աւանեսեան:

 Պատգամաւորը նաեւ կոչով դիմած համայն հայութեան` նշելով, որ եթէ այս շարժումին սկզբունքներէն է մարտահրաւէր ուղարկել եւս քանի մը ընկերներու, «Հայրենիք» խմբակցութեան անունէն մարտահրաւէրը կ՛ուղարկուի բոլորին:

 «Որպէսզի յետոյ ոչ մէկ հայ իր չմասնակցելու հանգամանքը պայմանաւորէ, որ իրեն մարտահրաւէր ուղարկող չէ եղած,- ժպտալով ըսած է պատգամաւորը եւ շարունակած,- այն նաեւ լաւ հնարաւորութիւն է, որպէսզի ազգային տուրքը, որպէս գաղափար, կեանքի կոչուի: Մենք այդ մասին երկար տարիներ կը խօսինք, բայց այդպէս ալ չենք ըներ»,- նշած է ան: