Արաբական Հակաթրքական Պատմական Ֆիլմաշարը Մեծ Աղմուկ Բարձրացուցած Է

Աշխարհ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող սէուտական MBC պատկերասփիւռի կայանը սկսած է սփռել «Հրէ թագաւորութիւններ» անունը կրող պատկերասփիւռի ֆիլմաշարը: Yerkir.am-ի տեղեկութիւններով՝ այս մասին հաղորդած է թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը:

Ֆիլմաշարը կը պատմէ 16-րդ դարուն Եգիպտոսի մէջ մամլուքներու իշխանութեան վերջին շրջանի եւ շրջանին մէջ Օսմանեան տիրապետութեան տարածման մասին: «Կայսրութիւն, որ կը ղեկավարուէր արիւնոտ օրէնքով» կարգախօսով եւ 40 միլիոն տոլար պիւտճէով ֆիլմաշարի բեմագրութեան հեղինակները եւ դերասանները եգիպտացիներ են:

Պատկերասփիւռի կայանը անցեալ տարի յայտարարած էր, որ կ՛ուզէ վերջ տալ արաբական աշխարհին մէջ թրքական ֆիլմաշարերու ժողովրդականութեան: Ֆիլմաշարը սկսած է հեռարձակուիլ 17 նոյեմբերին:

Էմիրաթական «Ալ Այնա» լրատուական կայքին հետ զրոյցի ընթացքին բեմագրութեան հեղինակ Մոհամետ Սուլէյման նշած էր, որ փորձած են գրել ոչ մէկ սխալ բովանդակող պատմութիւն, իսկ օսմանեան շրջանը կոտորածներով լեցուն է:

Սէուտական օրաթերթն ալ կը գրէ, որ 14 մասերէ բաղկացած այս ֆիլմաշարը 2019-ին արաբական աշխարհի մեծագոյն նախագիծն է. «Ջուրի երես կ՛ելլեն օսմանցիներուն կողմէ իրագործուած յանցանքները ծածկելու եւ պատմութիւնը վերափոխելու շարք մը փաստեր», նշած է թերթը:

Սակայն արաբական աշխարհին մէջ ֆիլմաշարին նկատմամբ վերաբերմունքի տարբերութիւններ կան: Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ իշխանամէտ լրատուամիջոցները կը գրեն, որ այս ֆիլմաշարը կը բացայայտէ օսմանցիներու արիւնոտ պատմութիւնը, բռնապետութիւնը, պահպանողականութիւնը, յանցագործութիւնը եւ արաբներու պատմութեան խեղաթիւրումը:

Եգիպտական «Ուաթան» օրաթերթէն Նաւշա Հուֆի կը գրէ, որ Թուրքիան, այնպէս, ինչպէս օսմանեան շրջանին էր, կը դաւանի դաւաճանական եւ քաղաքական բռնաճնշումներ: Իսկ Էմիրաթական «Պայան» օրաթերթի յօդուածագիր Հասան Հարպ կը նշէ, որ արուեստը տակաւին կը ծառայէ արաբներուն: Քաթարական «Ժազիրա» կայքն ալ կը նշէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը փորձեն խեղաթիւրել Թուրքիոյ պատմութիւնը:

Հոլանտայի մէջ գործող «Թրքական եւ արաբական աշխարհ» կոչուող կազմակերպութեան նախագահ Մեհմեթ Թիւթիւնճիւ կը նշէ, որ ֆիլմաշարը թուրքերուն դէմ թշնամութիւն կը քարոզէ եւ ունի քաղաքական բնոյթ` արաբները թուրքերուն դէմ լարելու նպատակ կը հետապնդէ, եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղած է` ֆիլմաշարին դէմ քայլերու ձեռնարկելու:

Թուրք գործիչը կարծէք մոռցած է, թէ Թուրքիոյ մէջ նկարահանուող եւ շարք մը երկիրներու մէջ հեռարձակուող թրքական ֆիլմաշարերը, ինչպիսիք են Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր Օսմանի հօր` Էրթողրուլի,  օսմանեան սուլթաններու, ներառեալ արիւնարբու սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի մասին, ակնյայտ թշնամութիւն կը քարոզեն: