Գրեթէ Ոչ Ոք Կոմիտասը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Մեր Ինքնութեան Գաղտնագիրը Բացայայտող. Գագիկ Գինոսեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ազգագրագական պարերու մասնագէտ, «Կարին» կրթամշակութային ՀԿ-ի նախագահ Գագիկ Գինոսեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է.

«Կոմիտասեան տարին կ՝աւարտի, սակայն յաւերժ Կոմիտասի դարն է:

Կ՝աւարտի մշակոյթային տարին, որ նաեւ Կոմիտասեան էր՝ Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանի տարին: Համերգներ, գիտաժողովներ, զեկոյցներ, հեռուստաֆիլմեր, հաղորդումներ։ Կարծես տարին աւելի քան յագեցած էր Կոմիտասով:
Սակայն, չես գիտեր ինչու, բոլորը Կոմիտասը կը դիտեն, կը քննարկեն, կը վերլուծեն եւ կը մեկնաբանեն բացառապէս իբրեւ լաւ, հաւանաբար բացառիկ կամ նոյնիսկ հանճարեղ երաժշտագէտ, որ փրկած ու դարերու ժանգէն, ցած ճաշակով օտարոտի ներառումներէն մաքրած է մեր երաժշտական գոհարներն ու բանաձեւած Հայկական երաժշտութիւնը։

Սակայն գրեթէ ոչ ոք Կոմիտասը կը դիտարկէ իբրեւ մեր ինքնութեան գաղտնագիրը բացայայտող։

Չհասկցանք, որ Կոմիտասի համար երգն ու պարը ընդամէնը միջոց էին դէպի մեր ինքնութիւն, եւ որ Կոմիտասը երգ չէր փրկեր, այլ երգի միջոցով մեր ինքնութիւնը։ Ան ոչ թէ մեր երաժշտութիւնը կը բանաձեւէր, այլ նոյնինքն մեր ինքնութիւնը: Կոմիտասի առաքելութիւնը դիտարկելով իբրեւ բացառիկ մեղեդի, հանճարեղ ելեւէջ՝ մենք նորովի կը փորձենք սպաննել Կոմիտասը, նորովի անոր՝ ամենահանճարեղին, ամենահայուն, ամենաիմաստունին, ամենասթափին ու ամենաբանականին, կը ստիպենք, կը պարտադրենք երկրային կեանքէն ետք ալ հոգեբուժարանի մէջ գոյատեւելու՝ գիտակցելով իսկ, որ ան, միեւնոյնն է, չի խենթանար, քանզի Աստուածային է իր բանականութիւնը:

Կը փորձենք ամէն ինչ ընել, ամէն ապականութիւն, ամէն հակաբանական երեւոյթ ու մեր ինքնութիւնը ոչնչացնող ամէն ինչ, որ հոգեհան ընենք անոր անմահ հոգին, որ այսօր ալ կը սաւառնի Հայոց երկնքին վրայ եւ ամպհովանի կը դառնայ բոլոր անոնց, որոնք ոչ թէ մշակոյթ կ՝արարեն կամ կը փրկեն, այլ մշակոյթի միջոցով մեր ինքնութիւնը կը փորձեն վերածնել:

Կոմիտասի անմահ հոգին կ՝ուզեն հոգեհան ընել։
«Դէ եկ վարդապետ, ու մի խենթանայ»:

Հայու հոգիի սրբապատկերին, ամենասուրբ Հայուն Հայ եկեղեցին ալ զլացաւ սրբադասել:
Բայց, ինչպէս կեանքը ապացուցեց, անոնց բոլորի ջանքերը զուր են: Անոնք՝ թիթեռի կեանք ունեցող եւ արագ գարշահոտող տեսակը, անզօր են կասեցնելու յաւերժի ճամբորդ Կոմիտասը ու իր շնորհիւ ինքնութիւնը վերածնող եւ իր շնորհիւ հոգին փրկող ազգի անմահութիւնը: Ազգը այդ յաւերժի հզօր թեւին պիտի մշտնջենապէս ճախրէ, քանի կայ մարդկութիւնը, ու պիտի շարունակէ յաւերժել, հոգեւորի ու Աստուածայինի դասեր տալ աշխարհին։

Կոմիտասը Գիսաւոր է: Ան իր մահով, իր անկումով անգամ լուսաւորեց Հայոց Հոգեւոր երկնակամարը:
Աստուածայինը, երկնային ելեւէջի մոգը, Հայ հոգիի մարգարէն մի՛ փորձէք կարգել շարքային երգահան: Մի՛ շփոթէք Հայ հոգին, Հայոց ինքնութիւնը բանաձեւողի նոթաներու համադրումներ որոնողներու հետ:

Անհամեմատելի՜ են: Մի՛ համեմատէք անհամեմատելին:

Կոմիտասը դէպի պալատ խոնարհումի տանող գորգապատ ճանապարհ չէ, այլ մեր հոգիի տաճարը, դէպի մեր ինքնութեան բարձունքեր տանող կածան մը: Կոմիտասի վերաբացայայտուած կածանով քայլելը իւրաքանչիւրիս խաչն է, որուն աւարտին մեր ինքնութեամբ արարուող Հայու անմահութիւնն է»։