ԱԱԾ-ն Կոչ Կ՝ընէ Զերծ Մնալ Հասարակական Ցանցերու Մէջ Անծանօթներու Հետ Ռազմական Թեմաներով Շփումներէն

Հայաստան

Հայ օգտատէրերը համացանցով անծանօթներու հետ ռազմական բնոյթի թեմաներով շփումներէն զերծ պահելու նպատակով՝ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պաշտօնական կայքով եւ Facebook-ով հրապարակած է հասարակական կոչ պարունակող լուսանկար: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն:

«Կոչ կ՝ընենք ՀՀ բոլոր քաղաքացիներուն զերծ մնալու հասարակական ցանցերու մէջ անծանօթներու հետ ռազմական բնոյթի թեմաներով շփումներէն, միաժամանակ կը տեղեկացնենք, որ նմանատիպ խնդիրներու առնչուելու պարագային, յետադարձ կապ հաստատել migri@sns.am ելեկտրոնային հասցէի միջոցով»,- ըսուած է ՀՀ ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ: