ՀՅԴ-ն Մոմավառութեամբ Դատապարտած է Պռոշեան Գիւղին Մէջ Տեղի Ունեցած Վանտալութեան Ակտը

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՅԴ անդամները եւ համակիրները, Դեկտեմբեր 2-ի գիշերը, մոմավառութիւն կազմակերպած են Պռոշեան գիւղի ազատամարտի նահատակներու պանթէոնին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը։

Անոնք, մոմավառութեամբ դատապարտած են նոյն օրը տեղի ունեցած վանտալութեան ակտը։

Յիշեցնենք, որ անյայտ անձեր, դեռ չպարզուած հանգամանքերով, կոտրած են Պռոշեան գիւղի ազատամարտի նահատակներու պանթէոն մուտք գործող ճանապարհին տեղադրուած երկաթէ սիւները եւ պարիսպներուն ու սիւներուն վրայ ամրացուած գիշերային լուսաւորութեան քանի մը լապտեր:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը վանտալութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն տարածած է։