Յունաստան-Հայաստան՝ Բարեկամութեան Խումբ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հա­յաս­տա­նի հետ խորհրդա­րա­նա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին մէջ կազ­մո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բը։ Անոր նա­խա­գահն է ե­րես­փո­խան ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քու­բու­լոս (­Նէա ­Տի­մոք­րա­թիա), փոխ­նա­խա­գահ Ի­րի­նի ­Քա­սի­մա­թի (­Սի­րի­զա) եւ քար­տու­ղար Ք­րի­թոն-Ի­լիաս Ար­սե­նիս (­Մե­րա25)։ Ան­դամ­ներ են՝ Ս­թաւ­րոս Ա­րա­խո­վի­թիս, Է­մա­նո­ւիլ Թ­րափ­սա­նիո­թիս եւ ­Ռա­լիա Խ­րիս­թի­տու՝ բո­լորն ալ ­Սի­րի­զա­յի խմբակ­ցու­թե­նէն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Հինգ­շաբ­թի՝ 28 ­Նո­յեմ­բե­րին խորհր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀՀ դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի եւ խմբակ­ցու­թեան դի­ւա­նին մի­ջեւ հան­դի­պում, ո­րուն ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած է եր­կու եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լոր­տը։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յաձ­նա­խում­բը կա­պի մէջ մտնե­լով խմբակ­ցու­թեան նա­խա­գա­հին հետ, շնոր­հա­ւո­րած է բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի կազ­մու­թիւ­նը։ Քն­նո­ւած են զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ն­շենք, որ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ եւս կազ­մո­ւած է ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խումբ։ Ա­նի­կա կը բաղ­կա­նայ 27 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէ եւ նա­խա­գահն է Մ­խի­թար ­Հայ­րա­պե­տեան։