ՀՀ Վարչապետը ԱՀ Նախագահի Հետ Անդրադարձած է Արցախի Մէջ Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն

Հայաստան

Ստեփանակերտ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին  հետ։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։

Հանդիպումին անդրադարձ եղած է նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ ընտրութիւններուն, անոնց ազատ եւ թափանցիկ կազմակերպման վերաբերող հարցերուն: