Բրատիսլաւայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի Հանդիպումը

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովին ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ԱԳ նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

«Դեկտեմբեր 4-ին, Բրատիսլաւայի մէջ, ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովին ծիրէն ներս, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը»,- գրած է Նաղտալեան: