Համալսարանական Բժիշկները Բարդ Վիրահատութեամբ Փրկած են Զինուորի Կեանքը

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանը կը  տեղեկացնէ, որ «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցի գեղագիտական բժշկութեան եւ վիրաբուժութեան դարմանատան ղեկավար Արտաւազդ Սահակեանն ու համալսարանական հիւանդանոցի այլ մասնագէտներ համատեղ իրականացուցած են բարդ վիրահատութիւն: Արցախի մէջ ծառայութեան ժամանակ հրազէնով վիրաւորուած ժամկէտային 19-ամեայ զինծառայողը, որ ծանր վիճակով տեղափոխուած էր Կեդրոնական դարմանատնային զինուորական հիւանդանոց, այնուհետեւ՝ համալսարանական հիւանդանոց:

Բժիշկներուն խօսքով՝ զինուորը ունեցած է աջ ազդրի, որովայնի եւ կրծքավանդակի հրազէնային ծանր վէրքեր, որոնց իբրեւ արդիւնք ստացած է ներքին օրկաններու լուրջ վնասուածքներ։

«Միզուղիներու մասնագէտներու հետ համատեղ կատարած ենք բարդ վիրահատութիւն՝ վերականգնած ենք վնասուած բոլոր օրկանները»,- ըսած է վիրաբոյժը՝ վստահեցնելով, որ զինուորի վիճակը լաւ է, եւ հրաշքով փրկուած երիտասարդը ապագային առողջական խնդիրներ չ՝ունենար: