Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան եւ Անուանակոչութեան 116-րդ Ամեակի Տօնախմբութիւն

Սփիւռք

Ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ուխ­տի օ­րը այս տա­րի ա­ռա­ւել եւս մեծ շու­քով տօ­նո­ւե­ցաւ։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ հաս­տա­տո­ւած հա­յոր­դի­նե­րը հե­տե­ւե­լով ի­րենց ազ­գա­յին ո­գիին ու հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն, 1903 թո­ւա­կա­նին քա­ղա­քիս մէջ կա­ռու­ցե­ցին «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցին։ Որ­պէս ե­րախ­տիք, ա­մէն տա­րի ե­կե­ղեց­ւոյս հիմ­նադ­րու­թեան եւ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան օ­րը կը կա­տա­րո­ւի մա­տաղ։ ­Տա­րո­ւէ-տա­րի սո­վո­րու­թիւ­նը դար­ձաւ ա­ւան­դու­թիւն, իսկ ա­ւան­դու­թիւ­նը՝ ժո­ղո­վուր­դի հոգ­ւոյն ան­բա­ժան մաս­նի­կը։

Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հօր ժա­մա­նում

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 19 ­Նո­յեմ­բեր 2019-ի ե­րե­կո­յեան, ­Թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան ժա­մա­նեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէ եւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի եւ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ։

Ա­ղի օրհ­նու­թիւն եւ մա­տա­ղի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ

Ուր­բաթ՝ 22 ­Նո­յեմ­բեր 2019-ի ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քէն ներս ա­ռա­ւել եւս ե­ռու­զեռ տե­ղի ու­նե­ցաւ, երբ իւ­րա­քան­չիւր ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ, ­Տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի, միու­թե­նա­կան կեան­քի մէջ գոր­ծող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ան­գամ մը եւս միախմ­բո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով նշե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 116րդ­ ա­մեա­կի տօ­նախմ­բու­թեան օ­րը։

Առ այդ, օ­րը սկսաւ ­Տիկ­նաց միու­թեան կող­մէ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով ա­ղի օրհ­նու­թեան հա­մար։ Ա­ռա­ւօ­տեան, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը կա­տա­րեց ա­ղի օրհ­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ­Տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի­ներ եւ կա­մա­ւոր­ներ սկսին ­Մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան՝ որ­պէս նա­խօ­րեակ յա­ջորդ օ­րե­րուն հան­դի­սա­ւոր տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց։ ­Տիկ­նանց միու­թեան բծախն­դիր աշ­խա­տան­քով ամ­բողջ օ­րը կա­տա­րո­ւե­ցան ­Մա­տա­ղի պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ա­պա, տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ ներ­կա­յու­թեամբ ­Թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նոր­դին՝ ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյս ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի եւ ­Տիկ­նանց միու­թեան ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն եւ կա­մա­ւոր աշ­խա­տող­նե­րուն։ Ա­պա, Սր­բա­զան հայ­րը իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց եւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց բո­լո­րին։

Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր այ­ցե­լու­թիւ­նը դպրոց

­Շա­բաթ՝ 23 ­Նո­յեմ­բեր 2019-ի կէ­սօ­րո­ւան, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, Ազգ. վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րու ինչ­պէս նաեւ «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու այ­ցե­լեց Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցը, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ տնօ­րէ­նու­հի ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեա­նի եւ Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նադպ­րու­հի ­Կիւ­լա ­Պէք­թա­շեա­նի կող­մէ։

Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ա­մէն մէկ դա­սա­րան այ­ցե­լե­լով ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րուն յոր­դո­րեց ու օրհ­նեց, ը­սե­լով. «­Ձեր ­Մայ­րե­նի լե­զուն մա­քուր ու ա­նա­րատ պա­հե­ցէք, սոր­վե­ցէք հայ լե­զուն ու հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը եւ օգ­տա­գոր­ծե­ցէք զա­նոնք յատ­կա­պէս ու մաս­նա­ւո­րա­բար օ­տար­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով մեր պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը…»։ Ի պա­տիւ Սր­բա­զան հօր եւ ըն­կե­րա­կից հիւ­րե­րուն, ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ ե­ղան ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ։

Ա­ւար­տին, այ­ցե­լու­նե­րը հե­տաքրք­րո­ւե­ցան դպրո­ցէն ներս տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ շնոր­հա­ւո­րե­ցին տնօ­րէ­նու­թիւնն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Գ.Խ.ի Շրջ. ­Վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ի­րենց նո­ւի­րեալ ու կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քին հա­մար։

­Կի­րակ­մուտ­քի ժա­մեր­գու­թիւն եւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք

­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի, իր կող­քին ու­նե­նա­լով հո­գե­ւոր հո­վի­ւը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը, «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րակ­մուտ­քի ժա­մեր­գու­թիւն։

Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը բա­ցատրեց ուխ­տի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը մեր ե­կե­ղե­ցիէն ներս եւ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը նկա­տեց ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն մը դէ­պի Աս­տո­ւած, դէ­պի եր­կինք ու դէ­պի կա­տա­րեա­լը։

Նոյն գի­շեր, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Տիկ­նանց միու­թեան տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք։ ­Սոյն ընթ­րի­քին ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­թէյ ­Չար­չօղ­լեան, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ազգ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը եւ ան­դամ­ներ, ազգ. ե­րես­փո­խան­ներ, ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի, ­Տիկ­նանց միու­թեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ա­ւե­լի քան 100 թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յեր, ինչ­պէս նաեւ Ա­թէն­քէն, ­Գո­մո­թի­նիէն, Ք­սան­թիէն, ­Գա­ւա­լա­յէն, Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լի­սէն եւ ­Տի­տի­մո­թի­խո­յէն ուխ­տա­ւոր­ներ։

Օ­րո­ւան բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Տիկ­նանց միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Վեր­գին Ա­ւե­տի­սեան՝ հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով՝ ող­ջու­նե­լով բո­լո­րը եւ ­Միու­թեան ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին եւ կան­խաւ շնոր­հա­ւո­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ 116րդ­ ա­մեա­կը։ Ա­պա, ­Հայր սուր­բին կող­մէ ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի միա­մեայ տե­ղե­կա­գի­րը՝ պաս­տա­ռին վրայ ու­նե­նա­լով նաեւ յու­նա­րէն լե­զո­ւով թարգ­մա­նո­ւած տար­բե­րա­կը։

Իր սրտի խօս­քը ու­նե­ցաւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը, որ բա­րի գա­լուստ յայտ­նե­լով եւ ե­կե­ղեց­ւոյ 116րդ­ ա­մեա­կը շնոր­հա­ւո­րե­լով, մաղ­թեց բո­լո­րին ա­ռող­ջու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում։

Ա­պա հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Ազգ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ իր սրտի խօս­քը ու­նե­ցաւ, Ազգ. վար­չու­թեան ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րեց եւ մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռոյց­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի միու­թիւն­նե­րուն, մաղ­թե­լով ա­մե­նայն բա­րիք բո­լո­րին։ Ան նշեց, որ այ­սօր ո՛չ միայն ­Թե­սա­ղո­նի­կէն ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ է, այլ նաեւ ամ­բողջ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ազգ եւ ե­կե­ղե­ցի միա­շա­ղա­խո­ւած՝ հա­ւա­քո­ւած այս սրա­հէն ներս մե­ծա­շուք կեր­պով կը տօ­նախմ­բեն ե­կե­ղեց­ւոյ 116րդ­ ա­մեա­կը։

Իր ող­ջոյ­նի եւ սրտի խօս­քը ու­նե­ցաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան՝ պրն. ­Ֆա­թէյ ­Չար­չօղ­լեան, նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով այս քաղցր ու պա­տիւ բե­րող հրա­ւէ­րին եւ շնոր­հա­ւո­րեց տեղ­ւոյն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան եւ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։
Ու­րախ մթնո­լոր­տը իր ա­ւար­տին հա­սաւ, երբ բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լու ներ­կա­նե­րուն։ ­Նախ­քան պատ­գա­մը, տեղ­ւոյս թա­ղա­կա­նու­թեան կող­մէ նկա­տի առ­նո­ւած էին եր­կու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու յու­շա­նո­ւէր­նե­րով պա­տո­ւելու հան­դի­սա­ւոր պա­հը, ո­րոնք ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր ո­լորտ­նե­րէն ներս մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած են՝ Ա­նա­հիտ ­Գա­լէն­տէ­րեան եւ Ար­մի­նէ ­Տիա­րեան, ո­րոնք Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ձե­ռամբ ստա­ցան յու­շա­նո­ւէր­նե­րը։ Ա­նա­հիտ ­Գա­լէն­տէ­րեան ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կով չկրցաւ ներ­կայ ըլ­լալ սոյն ձեռ­նար­կին, սա­կայն, ո­րո­շո­ւե­ցաւ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը եւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը միաս­նա­բար յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այ­ցե­լեն եւ յանձ­նեն յու­շա­նո­ւէ­րը։
­Փակ­ման խօս­քին մէջ, ­թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ 116րդ­ ա­մեա­կին ա­ռի­թով, անդ­րա­դար­ձաւ ­Տիկ­նաց միու­թեան ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան, ինչ­պէս նաեւ շնոր­հա­ւո­րեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը եւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դը, ո­րոնք խո­նարհ սրտով ու հա­մես­տու­թեամբ, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով միաս­նա­բար կը ծա­ռա­յեն շրջա­նէն ներս՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ու հա­մայն­քի պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար։ Ան իր խօս­քին մէջ յատ­կա­պէս ը­սաւ. «Այս գա­ղու­թը նա­խան­ձե­լի՛ գա­ղութ է, եւ այդ նա­խան­ձե­լիու­թիւ­նը պէտք է պա­հել ու ար­ժե­ւո­րել՝, հա՛յ մնա­լու, հա՛­յօ­րէն ապ­րե­լու ու ապ­րեց­նե­լու, շա­րու­նա­կե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ հա­մախմ­բու­մը ու ա­ռա­ւել եւս ծաղ­կեց­նե­լու զայն»։ Ան անդ­րա­դառ­նա­լով պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քի կա­րե­ւո­րու­թեան, ը­սաւ. «Այս ընթ­րի­քը պարզ ընթ­րիք մը չէ, այլ ա­մէն տա­րի երբ կը հա­ւա­քո­ւինք այս սրա­հէն ներս, կ’ու­զենք մեր ինք­նու­թի՛ւ­նը հաս­տա­տել, որ կա՛նք ու կը շա­րու­նա­կենք մնալ եւ պի­տի մնանք։ ­Կը յի­շենք ա­նոնք, ո­րոնք մեզ­մէ բաժ­նո­ւած են, ա­նոնք ո­րոնք մեզ­մէ առ յա­ւէտ մեկ­նած են, կը յի­շենք ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րը եւ այ­սօր 116 տա­րի­ներ ետք մեզ­մէ կը պա­հան­ջո­ւի միաս­նա­կամ ո­գի ցու­ցա­բե­րել գա­ղու­թին հան­դէպ, նոր ո­գի ու շունչ տալ ­գա­ղու­թի ա­ռա­ւել զար­գաց­ման ու վե­րել­քին եւ այս բո­լո­րը կը կա­տա­րո­ւին մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ»։

­Հան­դի­սա­ւոր ս. եւ ան­մահ պա­տա­րագ եւ մա­տա­ղօրհ­նէք

­Կի­րա­կի՝ 24 ­Նո­յեմ­բեր 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան, «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ե­պիս­կո­պո­սա­կան Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ։ ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ էին հա­րիւ­րա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ո­րոնց մէջ կա­յին նաեւ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջան­նե­րէն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց՝ ­Թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։
Ս. ­Խո­րա­նէն եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւի օգ­նա­կան Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեան, որ իր քաղցր ու ա­նոյշ ձայ­նով հմա­յեց ներ­կա­նե­րը։ Ս. ­Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին, ինչ­պէս նաեւ Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­ներ՝ դպիր­նե­րը եւ սար­կա­ւագ­նե­րը։ ­Թե­սաո­նի­կա­հայ սի­րո­ւած երգ­չու­հի՝ սոփ­րա­նօ ­Սի­րա­նոյշ ­Չա­լը­քեան իր գեղ­գե­ղուն եւ հմա­յիչ ձայ­նով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թեան։
Իր քա­րո­զին մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը խօ­սե­լով հա­մայն­քիս ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նի կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, ը­սաւ. «­Պէտք չէ՛ մոռ­նալ որ այս ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցո­ւած է ­Հայ­կա­կան ­ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­ռաջ, եւ մեր հայ­րերն ու մայ­րե­րը ­Տէր-­Զօ­րի տօ­թա­կէզ ա­նա­պա­տէն ինչ-ինչ տա­ռա­պանք­նե­րով կա­րո­ղա­ցան ի­րենց հա­ւատ­քը պա­հել հան­դէպ ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ, ­Հայ լե­զո­ւին, ­Հայ ո­գիին, ­Հայ մշա­կոյ­թին… եւ այ­սօր՝ 116 տա­րի­նե­րէ ի վեր ­Հայ ե­կե­ղե­ցին իր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րով կը շա­րու­նա­կէ աննկուն կամ­քով ու վճռա­կա­մու­թեամբ ի սպաս դնել մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն բո­լոր կա­րիք­նե­րը։ Այս ե­կե­ղե­ցին հիմ­նո­ւե­ցաւ յոյն եւ հայ հա­մա­տեղ հա­մա­կե­ցու­թեան, ի­րար հետ սեր­տօ­րէն ապ­րե­լու. այս գմբէ­թը որ բարձ­րա­ցաւ առ Աս­տո­ւած, մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ձե­ռամբ որ­պէս ար­ժա­նա­ւոր որ­դի­ներ՝ հա՛յ մնա­լու եւ մեր հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը բարձր պա­հե­լու ամ­րա­կուռ գի­տակ­ցու­թեամբ»։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը տե­ղե­կա­ցուց, որ «այս ե­կե­ղե­ցին պա­տա­հա­կան կեր­պով չէ՛ որ ա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին», այլ՝ ա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին», մեր բո­լոր սուր­բե­րուն որ­պէս ­Թա­գու­հին ար­ժա­նա­նա­լով. որ ա­ռա­ջին անձ­նա­ւո­րու­թի՛ւ­նը ե­ղաւ, որ ո՛չ միայն Աս­տու­ծոյ հրեշ­տա­կին ձայ­նը լսեց, այլ մա­նա­ւանդ հա­ւա­տաց Ա­նոր ձայ­նին, որ իր­մէ ծնա­ծը աշ­խար­հի Փր­կի­չը, Օ­ծեա­լը պի­տի ըլ­լար…»։
Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն եւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան, ­Տիկ­նանց մարմ­նի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րու, բա­րե­րար­նե­րու եւ սպա­սա­ւոր­նե­րու ննջե­ցեալ հո­գի­նե­րուն հա­մար։
­Յայտ­նենք, որ ­Կի­րա­կի օ­րը, «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­բա­կէն ներս ցու­ցադ­րեց եւ վա­ճառ­քի դրաւ 2020 տա­րո­ւան իր նոր յու­շա­տետր-օ­րա­ցոյ­ցը։
Այս բո­լո­րէն ետք, «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դը, միու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, կազ­մա­կեր­պած էր հա­ւա­քա­կան ճաշ քա­ղա­քի ճա­շա­րա­նի մը մէջ, ուր ա­ւե­լի քան 60 հայ­րե­նա­կից­ներ մաս­նակ­ցե­ցան եւ ու­րախ մթնո­լորտ ան­ցու­ցին։ Այս­տեղ եւս, ար­տա­սա­նո­ւե­ցան ող­ջոյ­նի խօս­քեր, բա­ժա­կա­ճա­ռեր եւ ա­ւար­տին, լսո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր հայ­րա­կան պատ­գա­մը, որ բո­լո­րին ա­ռա­ւել եւ ոյժ ներշն­չեց շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ի­րենց եր­թը մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան ու յատ­կա­պէս պայ­ծա­ռաց­ման ի խնդիր։

Ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն

Ն­շենք, որ ­Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։30էն մին­չեւ 13։30, «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս, Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» ­Մաս­նա­ճիւ­ղի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն կող­մէ։ Գ­նա­հա­տե­լի ե­րե­ւոյթ էր մեծ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մեր ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին։ ­Բո­լո­րին վարձ­քը կա­տար։ ­Թող Աս­տո­ւած բո­լո­րին ու­ժը ա­ւելց­նէ եւ պար­գե­ւէ ա­ռող­ջու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում։

«Ազատ օր»-ի թղթակից