Հալէպի Պետական Համալսարանէն Ներս Հայոց Լեզուի Ուսուցում

Աշխարհ, Սփիւռք

Հալէպի Պետական Համալսարանի լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին կազմակերպութեամբ, համալսարանէն ներս ընթացք պիտի առնէ սկսնակներու հայ լեզուի ուսուցման ծրագիր, որուն աւարտին մասնակցողը համապատասխան քննութիւն յանձնելէ եւ յաջողելէ ետք` պետական համալսարանին կողմէ պիտի ստանայ համապատասխան վկայագիր, պայմանաւ որ դասերու ներկայութեան տոկոսը 75%-էն նուազ չըլլայ:

Հայ լեզուն պիտի ուսուցանէ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան:

Մասնակցիլ փափաքողները կրնան իրենց անունները արձանագրել ԱՄԺ Տուն այցելելով, կամ հեռաձայնելով հետեւեալ բջջայինի թիւին` 0955-606099:

Պահանջուած թուղթեր.-
Անձնագիրի պատճէն:
Ուսումնակրթական վկայական (նուազագոյնը պաքալորիա):
Երկու լուսանկար: