Կենցաղային Ցոյցեր Եւ Աշխարհաքաղաքական Արձագանգներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Լիբանանեան իրադարձութիւնները ընկերային-տնտեսական եւ քաղաքացիական բնոյթէն հատելով սահմանը անցած էին արդէն քաղաքական հարթութիւն եւ վերածուած վարչակարգի եւ ընդհանուր պետական համակարգի արմատական փոփոխութեան համընդհանուր պահանջով յատկանշուող շարժումի:

Հիմա խնդիրը հետզհետէ կ՛ապահովէ տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական հնչեղութիւն: Բնականաբար կային վերլուծումներ եւ մեկնաբանութիւններ` այս ամբողջ շարժումի մէկ կողմէ ակունքներուն, միւս կողմէ քաղաքական շահարկումներու կամ արտաքին ներշնչումներ ունենալու տեսութիւններուն մասին:

Մինչ լիբանանեան փողոցը հետեւողականօրէն կը շարունակէր յայտարարել, որ շարժումը համալիբանանեան բնոյթ եւ տարողութիւն ունի եւ անիկա կը բխի զուտ լիբանանեան ակունքներէ` պարզ այն տրամաբանութեան վրայ, որ տասնամեակներու վրայ երկարող ապաշնորհ վարչակառավարումը եւ անոր հիմք հանդիսացող համայնքայնութիւնը պատճառ դարձած են աւատապետական կարգերու արմատաւորման եւ զարգացման, համատարած թալանի, փտածութեան եւ պետական գումարներու մսխումին` երկրին մէջ անջրպետային հեռաւորութիւններ ստեղծելով աստղաբաշխական գումարներով յատկանշուող մեծահարուստներու եւ համաշխարհային մրցանիշներու մօտեցող աղքատ հասարակութեան միջեւ:

Լիբանանը դէպի աշխարհաքաղաքական օրակարգ առաջնորդող յայտարարութիւններ հնչեցին յատկապէս Ուաշինկթընի, Թեհրանի եւ Մոսկուայի կողմէ:

Այսպէս. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ուղղակի, բացորոշ յայտարարեց, որ պէտք է աջակցիլ Իրաքի եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն` ձերբազատելու համար իրանեան ազդեցութենէն: Երբ երկու ժողովուրդներու օրինակները համատեղ կը նշուին, պարզ է, որ Իրաքի հակաիրանեան բնոյթ ունեցող ցոյցերուն եւ առ այս պահը նման պահանջներ չարծարծած լիբանանեան ցոյցերուն միջեւ քաղաքական զուգահեռ կը գծուի: Ուաշինկթընը պաշտօնական այս յայտարարութեամբ նոյն ուղեգիծին վրայ կ՛ուզէ ընկալել տարածաշրջանին մէջ ուշագրաւ շարժումներու գաղափարաքաղաքական շարժառիթները:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասսարի հետ եւ այդ առիթով յայտնած, որ կը զօրակցի Լիբանանի միութեան, գերիշխանութեան ու անկախութեան եւ «ազգային օրակարգի վրայ գտնուող բոլոր հարցերը լիբանանեան սահմանադրութեան ծիրին մէջ նոյնինքն լիբանանցիներուն կողմէ լուծելու կարեւորութեան»` շեշտելով. «Որեւէ ձեւով չարտօնել լիբանանեան հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւնը»:

Այս մէկը ուղղակի պատասխան կարելի է նկատել Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարին: Ռուս դիւանագէտին յայտարարութիւնը կը մեկնաբանուի այնպէս, որ ո՛չ միայն Ռուսիան ի՛նք միջամուխ պիտի չըլլայ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, այլ դէմ է նաեւ որ Ուաշինկթընը միջամտէ եւ այս պարագային հակաիրանեան քայլեր առնէ երկրին մէջ:

Թեհրանէն հնչած երկու յայտարարութիւն անուղղակի արձագանգումը կարելի է նկատել Փոմփէոյի առած սուր քաղաքականացման քայլին: Իրանի խորհրդարանի նախագահին միջազգային հարցերու խորհրդականը յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ ընթացող ցոյցերուն բարձրաձայնուած պահանջներուն մէկ մասը ժողովրդային է եւ կասկած չկայ, թէ Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունին վարչական փտածութիւն, անգործութիւն եւ բացթողումներ, սակայն եթէ օտար դերակատարներու կողմէ այդ պահանջները գործադրուին, ապա արդիւնքը ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն պիտի չըլլայ:

Ան նաեւ նշեց, որ Իրաքի մէջ պահանջները այլեւս կառավարութեան բարեկարգումով չեն բաւարարուած, այլ նաեւ վարչակարգի տապալումով, իսկ Լիբանանի մէջ ոմանք վարչակարգի տապալում պահանջեցին, երբ մարդիկ կենցաղային պահանջներ ունէին:

Այս վերջին ընդգծումով իրանցի պաշօնատարը պարզապէս կ՛ըսէ, որ կենցաղային խնդիրներով յառաջացած շարժումը արագօրէն քաղաքականացուած է Լիբանանի մէջ` զգուշացնելով Լիբանանը  արտաքին միջամտութիւններէ:

Երկրորդը  կը վերաբերի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, որ կ՛արձագանգէ Էրտողանի յայտարարութեան: Էրտողան կը խօսէր Իրաքի ցոյցերուն Իրան տեղափոխման  հաւանականութեան մասին: Բանբերը չէր բացառեր, որ միտում գոյութիւն ունի ցոյցերու Իրան տեղափոխման:

Ուաշինկթըն-Թեհրան-Մոսկուա եռանկիւնային գիծերու վրայ արձանագրուող յայտարարութիւններ, պատասխաններ կամ արձագանգումներ կ՛ընդգծեն տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային դրսեւորումներուն մէկ կողմէ անկախ բնոյթը, միւս կողմէ արտաքին ուժերու կողմէ շահարկելի նիւթ ըլլալը, բայց մանաւանդ երրորդ եւ չորրորդ կողմերու միջեւ քաղաքական հակամարտութեան շրջագծումի փորձերը: