Երեւանի Մէջ Կը Մեկնարկէ Գիրքի Եռօրեայ Փառատօնը

Այլեւայլ, Հայաստան

Գիրքի երեւանեան երրորդ փառատօնին ծիրէն ներս կը նախատեսուին հայ, արտասահմանեան հեղինակներու գիրքերու շնորհանդէսներ, դասախօսութիւններ, վարպետութեան դասեր, բանախօսութիւններ գրատպութեան, հրատարակչական գործի վերաբերեալ, հանդիպումներ հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ:

Փառատօնը, ըստ Armenpress.am-ի, պիտի իրականացուի Նոյեմբեր 22-24, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան տան մէջ:

Փառատօնի կազմակերպչական խումբի անդամ Անի Յակոբեան յայտնած է, որ նոյն ծիրէն ներս յայտարարուած է գրական մրցոյթ, որուն ներկայացուած է 87 յայտ՝ 43-ը «Բանաստեղծութիւն», 34-ը «Արձակ», 10-ը «Դրամատուրգիա» անուանակարգերով։

«Մասնագիտական ժիւրին կը քննէ յայտերը եւ շուտով պիտի ամփոփէ արդիւնքները: Փառատօնի երեք անուանակարգով յաղթողներուն անունները պիտի յայտարարուին փակման արարողութեան ժամանակ՝ Նոյեմբեր 24-ին: Այդ օրը ելոյթ պիտի ունենան «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը եւ «Վահագն Հայրապետեան» ճազ քառեակը»,- նշած է Յակոբեան:

Անոր խօսքով` Գիրքի երեւանեան փառատօնին պիտի իրականացուի ցուցահանդէս-տօնավաճառ, որուն պիտի մասնակցի 37 հրատարակչութիւն, գրախանութ եւ կազմակերպութիւն, գիրքերը պիտի վաճառուին մինչեւ 40 տոկոս զեղչով։

Փառատօնի բացման արարողութեան համերգով հանդէս պիտի գան «Ագապէ» կամերային երգչախումբը եւ «Երեւան» լարային քառեակը: Փառատօնին ծիրէն ներս իրականացուող շնորհանդէսներուն պիտի ներկայացուին Սթիվըն Քինկի «Փայլատակում», Լայմըն Ֆրէնք Պաումի «Սանթա Քլոուզի կեանքն ու արկածները», Ռուբէն Յովսէփեանի «Հեքիաթներ», Օլկա Դոգարչուգի «Գիրքի մարդոց ուղեւորութիւնը», Սամուէլ Գասպարեանի «Կաիսայի ընտրեալները. Տիգրան Պետրոսեան» եւ այլ գիրքեր:

Պիտի իրականացուին նաեւ քննարկումներ «Իմ փոքրիկ գիրքը» մանկական դրուագներու շարքի, Համբարձում Համբարձումեանի «Կորեական դելիկատես» եւ այլ գիրքերու վերաբերեալ, պիտի ըլլայ ճազի եւ պոէզիայի վինիլային երեկոյ Վահագն Մարտիրոսեանի հետ:

Փառատօնի բոլոր ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է: