Սուրիական Բանակը Թրքական Բանակէն Ազատագրեց Ում Շահիֆա Գիւղը

Աշխարհ

Սուրիական բանակը թրքական բանակէն ու անոր հաւատարիմ զինեալ խմբաւորումներէն ազատագրած է Ըմ Շահիֆա գիւղը: Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն՝ սուրիական բանակը կը հետապնդէ թրքական բանակի եւ անոր հետեւորդ զինեալներուն մնացորդները, որոնք կը փախչին դէպի Ռաս Ուլ Այնի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մահմուտիէ գիւղին ուղղութեամբ:

Սուրիական բանակը Հասաքէի մէջ եւս ծանր ու միջին տարողութեամբ զէնքերով բուռն բախումներ ունեցած է թրքական բանակին ու անոր ենթակայ զինեալ խմբաւորումներու զինեալներուն հետ, այդ բախումներուն հետեւանքով ալ Ըմ Շահիֆա գիւղը ազատագրուած է:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Նոյեմբեր 8-ին հաղորդած էր, որ ռուսական ուժերը Գամիշլի քաղաքի արեւելքը հսկողութիւն կատարելու սկսած են, իսկ Ամերիկան յայտարարած էր, որ կը սկսի հեռանալ Արաբ Բունարէն: