ԿԳՄՍ Նախարարի Հրաժարականի Պահանջով Ուսանողական Շարժումը Վերսկսաւ Գործողութիւնները

Հայաստան

ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին: ԵՊՀ շարք մը բաժանմունքներու ուսանողներ այսօր վերսկսած են դասադուլը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Նշենք, որ ուսանողները միացած են ՀՅԴ ՀԵՄ-ի նախաձեռնութեան` պահանջելով նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը: ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Արգիշտի Գէորգեանի խօսքով՝ ուսանողական շարժման անդամներուն մէկ մասը ԿԳՄՍ նախարարութեան շէնքին մօտ կը շարունակէ բողոքի ցոյցը, իսկ միւս մասը՝ ԵՊՀ հայ բանասիրութեան եւ պատմութեան (Սեւ շէնքի) բաժանմունքներու մասնաշէնքերուն մօտէն՝ մեկնարկած է երթը: