Սուրիոյ Հիւսիս Արեւելեան Շրջանը Լքե՞լ, Թէ՝ Զօրացնել. Մտորումներ Գամիշլիէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մարի Մելքոնեան

Թուրքիոյ սպառնալիքներն ու վերջին իրադարձութիւնները հարց կը յառաջացնեն, որն է ճիշդ որոշումը՝ ճէզիրէի շրջանը լքե՞լ ու բոլոր հայերը տեղափոխել այլ վայր, կամ տոկալ եւ շարունակել ապրիլ այն հողերուն վրայ, ուր ջարդէն ճողոպրած մեր պապերը իրենց ճակտի քրտինքով պատեցին ու տարիներ շարունակ իրենց աշխատասիրութեամբ եւ տաղանդով մեծ համբաւի ու մեծարանքի արժանացան տեղի բնակչութեան կողմէ։

Երկու լուծումները շատ տարբեր են։ Յիշեցի մեծ մօրս խօսքը, որ երբ երկու հակասական դէպքերու կամ անձերու հանդիպէր, զայրացած կ’ըսէր,- «Գետնէն մինչեւ երկինք տարբերութիւն կայ»։ Պատերազէն հեռու ապրիլ՝ վայելելով խաղաղ կեանքն ու ապահով միջավայրը, գլուխը դնել բարձին, առանց մտածելու, յանկարծ եթէ պայթում մը ըլլայ, ուր պիտի վազենք՝ առնելով անկիւն մը դրուած այն պայուսակը, որուն մէջ անհրաժեշտ փաստաթուղթեր եւ կարեւորագոյն իրերը դրած ենք։ Առտու նախ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ տակաւին ողջ ենք, երեխաները դպրոց կը ճամբենք՝ բարի վերադարձ մաղթելով, միաժամանակ մենք մեզի մեղադրելով, թէ ինչու կը պահանջենք լաւ նիշ ստանան, չէ՞ որ կարեւորը անփորձանք տուն վերադառնալն է։ Աշխատանքի երթալու ճանապարհին կ’անցնինք այն ճամբաներէն, որոնք ապահով պէտք է ըլլան…

Այս ճնշուած առօրեայէն հեռանալը շատերուն համար խելացի եւ հաւասարակշռուած որոշում է, որեւէ տարբերակ համեմատելի չէ այս լարուած իրավիճակին հետ, բայց կարելի՞ է պատկերացնել Սուրիական Ճէզիրէի շրջանը առանց հայութեան։ Ողբերգութեան հաւասար այս պատկերացումը ոչ թէ մահ է, այլ՝ մահէն աւելի վատ։ Դպրոցներ, եկեղեցիներ, ազգային հաստատութիւններ հայութենէն դատարկուա՞ծ, ասիկա զգացականէ աւելի ինքնութեան հետ կապուած հարց է։ Այստեղ հայերու գոյութիւնն ու յարատեւութիւնը փուշ մըն է Թուրքիոյ աչքին… ինչո՞ւ հանենք այդ փուշը … հայու գոյութիւնը այստե՛ղ՝ փաստ է ցեղասպանութեան գոյութեան։ Ճէզիրէն ո՛չ թէ պէտք է թատարկենք, այլ պէտք է զօրացնենք ու հզօրացնենք։ Շատեր մեղադրական խօսքեր պիտի հնչեցնեն՝ ըսելով,- «Ինչո՞ւ ես մնամ, թող ուրիշը մնայ… այո՛ իրաւունք ունին եւ չունին … եթէ բոլորը այդպէս մտածեն ո՞վ պիտի պաշտպանէ համայնքը… Այստեղէն ողջ հայութեան տեղահանումը պիտի նպաստէ Թուրքիոյ ծրագրի իրականացման, պիտի ոչնչանայ այստեղի հայկական հետքը… այստեղ հայու արմատները խորունկ են, կարելի է կտրել ճիւղերը, բայց արմատախիլ ընելը ճիշդ չէ։