Կը խնդրենք Մեր Երկու Սրբազան Հայրերէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Պատրիարքական ընտրութեան տեղապահ գերաշնորհ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեան,

Կրօնական ժողովի ատենապետ գերշաշնորհ Տ. Արամ արք. Աթէշեան,

Գերաշնորհ ու սիրելի սրբազան հայրեր,

Երկու օրէ ի վեր խոր ցաւով կը հետեւինք այն հակամարտութեան, որ աւա՜ղ ստեղծուեր է ձեր՝ մեր երկու եպիսկոպոսներուն միջեւ, երկուքդ ալ այս պատմական աթոռին վերին տիտղոսներուն արժանացած արժէքաւոր հոգեւոր հայրեր։ Երկու օրէ ի վեր սրտի ճմլումով կը կարդանք այն տողերը, զորս գրի առած էք իրարու դէմ եւ որոնք ստուեր կ՛իջեցնեն ձեր բարի համբաւին, նաեւ մեր պատրիարքական աթոռին պատիւին ու փառքին վրայ։ Մեր ազնիւ ու հաւատացեալ ժողովուրդը, որ պատկառանքով միշտ ականջ ու սիրտ տուած է ձեզմէ հասնող յորդորներուն, շուարած է՝ կարդալով այն տողերը, զորս դուք գրի առած էք կամ գրի առնել տուած էք մէկզմէկու նկատմամբ։ Նմանապէս, մենք ալ, որ մեր ժողովուրդին խոնարհ մէկ ծառան ենք, թախանձագին պիտի խնդրենք. վերջ տուէք այս տխուր հակամարտութեան ու սեղմեցէք իրարու ձեռքը։ Ունինք չունինք երկու եպիսկոպոս ունինք, եւ այդ երկուքէն մէկը շուտով պատրիարք պիտի ընտրուի պատմութեան առջեւ իրեն հետ բերելով իր անցեալի գործունէութեան ու ծառայութեան ամբողջական թղթածրարը։ Այդ թղթածրարը թող ունենայ մաքրամաքուր ու պատուաբեր էջեր։ Այո, ձեզմէ մէկը պատրիարք պիտի ընտրուի եւ միւսն ալ, եթէ բախտաւոր ենք, պիտի դառնայ անոր ամէնէն արժանաւոր օգնականը, անոր միւս եսը։ Մեր պատրիարքական աթոռը, որ տարիներէ ի վեր թափուր է եւ սուգ կը պահէ, դարձեալ պիտի շէննայ, ուրախութիւն ու լոյս պիտի տարածէ մեր ժողովուրդին վրայ։ Բայց այն հակամարտութիւնը, որ միջոցէ մը ի վեր այնքան անպատշաճ եւ գրաւոր կերպով, նաեւ երբեմն հրապարակաւ կը շարունակուի ձեր, նաեւ ձեր կողմնակիցներուն միջեւ, յուսախաբութեան ու յուսահատութեան կը մատնէ մեզ։ Կը խնդրենք, վերջ տուէք այս անպտուղ հակամարտութեան։ Ամէնէն առաջ դո՛ւք էք որ պիտի շահիք, եթէ վերջ տաք այս պայքարին, մեր Հայաստանեայց եկեղեցին է որ պիտի շահի, մեր հաւատաւոր ժողովուրդն է որ պիտի շահի։

Որքա՜ն ծանր պարտականութիւններ կը վիճակին այժմ ձեզի, լուծելի ի՜նչ հարցեր ունինք մեր համայնքէն ներս եկեղեցական կարգի վրայ կամ աշխարհիկ կարգի վրայ։ Ինչե՜ր չենք սպասեր ձեզմէ։ Մեր աթոռը պէտք ունի վերականգնումի, մեր աթոռը պէտք ունի հոգեւոր նորայայտ ծառայողներու ու ապագայ եպիսկոպոսներու, մեր աթոռը պէտք ունի մաքրամաքուր եկեղեցական քարոզութեան, բայց ամէնէն առաջ, մեր աթոռը պէտք ունի միասնութեան, եղբայրական յարաբերութիւններու, որուն օրինակն ու թելադրութիւնը ձեզմէ պէտք է գայ։

Սա քանի մը օրերուն ընթացքին շատ վիրաւորական բաներ գրեցիք իրարու հասցէին ու գիտենք, թէ ձեզի համար մարդկօրէն դիւրին չէ մոռնալ զանոնք, բայց պէտք է մոռնաք ու մեզի ալ մոռցնել տաք։ Այդ է որ հիմա կը սպասենք ձեզմէ։ Գիտցէք, որ մենք ու ամբողջ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը շատ պիտի երջանկանայ, եթէ տեսնէ, որ մեր ազգային ու հոգեւոր բոլոր հաւաքոյթներուն ընթացքին դուք երկուքդ քով-քովի նստած էք ու մեզի ցոյց կու տաք եղբայրական միասնութիւն մը, ձեզմէ մէկը որպէս պատրիարք, միւսն ալ որպէս, թերեւս, պատրիարքական գլխաւոր օգնական։

Միայն մենք չենք որ հիմա այդ ծանրածանր պարտականութիւնը կը դնենք ձեր ուսերուն վրայ, նաեւ գլխագիր Պատմութիւնն է որ կ՛ընէ ատիկա։

Եկէ՛ք, սիրելի ու գերաշնորհ սրբազան հայրեր, եկէք՝ դժուարինը յաղթահարենք ու անցեալը մոռնանք, մեր պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանանք, մեր պատմական աթոռը վերադարձնենք իր փառքի ու հոգեւոր հարստութեան օրերուն եւ մենք ալ իրարու կապուինք սիրոյ տաքուկ զգացումներով։

Դիւրին չէ, բայց կարելի է։

Դուք ալ գիտէք, թէ կռիւը շատ բան կը քանդէ մեր մէջ։

Սէրը՝ ընդհակառակը, շատ բան կը շինէ ու կը շէնցնէ։

Եկէք ընտրենք երկրորդը։