Հայ Մամուլի Նուիրուած Գիտաժողով Նիւ Եորքի Մէջ

Սփիւռք

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019

 Ժամը 10:00-ին

Բացում․- Խօսքեր՝ Առաջնորդ Անուշաւան Դանիէլեան, «Հայրենիք »-ի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիրներ, արեւելեան Ա.Մ.Ն.-իՀ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէ եւ Նիւ Եորքի «Ա․ Գարօ» կոմիտէութիւն։

Ժամը 11:00-ին

Վարդան Մատթէոսեան՝ Հրաւիրուած Զեկուցաբեր. – 30 Վայրկեան

–   Հայ դասական մամուլն ու առցանցային եւ ելեկրոնային լրատուական միջոցներն ու ընկերային ցանցերը:

–   Հայ մամուլի դերը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ – լեզու եւ մշակոյթ

–   Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը

Սուրճի դադար 15 վայրկեան

Ժամը 11:45-ին

Անգլերէն բաժին․- Զրուցավար՝ Ռուբէն Ճանպազեան

Ճորճիան Օշական․-

– Մամուլն ու երիտասարդութիւնը, լեզուական դժուարութիւնն ու այլալեզու մամուլին դերի արժեւորումը:

Նիւթի ներկայացում + 20 վայրկեան զրոյց

Արամ Արքուն

–  Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները

–   Տեղեկատուական անվտանգութիւնն ու լրատուութեան հաւաստիութիւնը

 Նիւթի ներկայացում + 20 վայրկեան զրոյց

Ճաշ՝ Ժամը 13:15-14։30

Ժամը 14:30-ին

Հայերէն Բաժին․- Զրուցավար՝ Վահագն Գարագաշեան

Արա Սանճեան.- Սփիւռքահայ մամուլ. հրատարակիչի, ընթերցողի եւ

պատմաբան-հետազօտողի դիտանկիւններ

Նիւթի ներկայացում + 20 վայրկեան զրոյց

Խաչիկ Մուրատեան.-

–     Խօսքի ազատութի՞ւն թէ անիշխանական բեւեռացում:

–    Լրատուական դաշտէն ներս մրցակցութեան եւ շահութաբերութեան պայմաններուն մէջ անոնց պատասխանատուութիւններու շրջագիծը:

Նիւթի ներկայացում + 20 վայրկեան զրոյց

Վրէժ Արմէն Արթինեան.-

– Հայ թերթի ապագայի ուղին

–  Դժուարութիւններ (նիւթական եւ մարդոյժի իմաստով) եւ զանոնք յաղթայարելու ձեւեր եւ միջոցներ

– Ընթերցողներու շրջագիծի ընդլայնման ձեւեր եւ միջոցներ (ձեւ –բովանդակութիւն)

Նիւթի ներկայացում + 20 վայրկեան զրոյց     

Ժամը 16։30-ին

Խմբագիրներու հանդիպում

Ժամը 17: 00-ին

Ճորճ Աղճայեան.-

– Սահիկներու ցուցադրութիւն  «Հայրենիք »-ի մասին

Ժամը 18:00-ին

Փակում