Ուաշինկթըն Քիւրտերը Ջարդելու «Կանաչ Լոյս» Կը Վառէ Թուրքիոյ Դիմաց

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան գօտիէն իր ուժերը քաշելու Ուաշինկթընի որոշումը, որ հրապարակուեցաւ Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, եւ անոր իրականացման առաջին քայլերն ալ իրականացան շուտով, սահմանային քաղաքներու մէջ, ամէն բանէ առաջ համազօր է Թուրքիոյ արտօնութիւն տալու, որ շրջանի քիւրտերուն դէմ ջարդարար արշաւանքներու սկսի։ Փաստօրէն, Թուրքիա երկար ատենէ ի վեր իրերայաջորդ սպառնալիքներ ուղղած է քիւրտերուն, զանոնք կը դասէ «ահաբեկչական խմբաւորումներ», հետեւաբար, կ՛ուզէ «Թուրքիոյ ուղղուած անոնց վտանգները չէզոքացնել» Եփրատէն դէպի արեւելք տարածուող գօտիին մէջ։

Նախագահ Թրամփի իսկ կողմէ հաստատուած որոշումը հազար ու մէկ մեկնաբանութեան դուռ բացաւ Միջին Արեւելքի մէջ ու աշխարհի տարածքին։ Թրամփի այն նկատողութիւնը, թէ «շահատուրք վճարող ամերիկացիները այսուհետեւ պէտք չունին կրելու քիւրտերու մղած պայքարին նիւթական բեռը», ընկալուեցաւ իբրեւ սնամէջ պատճառաբանութիւն եւ, առաջին հերթին, քիւրտերը կռնակէն դաշունահարելու արարք, նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ տագնապին պայթումէն ասդին, այդ շրջանին մէջ քիւրտերը եղած էին «իսլամական պետութեան» ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ կռուող գլխաւոր ուժը, եւ ըստ քրտական հաւաստիքներու՝ տուած են աւելի քան 10 հազար զոհ. տողատակի յիշեցում կը կատարուի, թէ Թուրքիա այդ ծայրայեղականներուն նեցուկ կանգնող գլխաւոր կողմն էր (Իտլիպի եւ Քեսապի դէպքերն ալ վկայեցին), եւ ահա, Ուաշինկթըն կը դաւաճանէ այն ուժին, որուն տարիներ շարունակ նպաստած է «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ». Փենթակոնի պատճառաբանութիւնն ալ այն է, որ ամերիկեան ուժերը չեն ուզեր մասնակից ըլլալ շրջանին մէջ հաւանական բախումներուն, ակնարկելով թուրք-քրտական պատերազմի մը. սա յաւելեալ ապացոյց է, որ Ուաշինկթըն կը նախընտրէ ձեռնածալ հանդիսատես մը դառնալ քիւրտերու դէմ թրքական յարձակումներուն (արեւմուտքցիներու «մարդասիրութեան» մասին հին զանգեր հնչեցնելով)։ Անշուշտ պահ մը մոռացութեան կը տրուի, թէ Ուաշինկթըն, անուղղակիօրէն նաեւ Թուրքիա քրտական նոյն ուժերը հրահրած էին Սուրիոյ օրինական իշխանութեան դէմ, անոնց խոստանալով ինքնավարութիւն կամ նման կարգավիճակ (քիչ խօսուած է, այսօր ալ չի խօսուիր, թէ շրջանին քարիւղի հանքերէն ո՛վ օգտուեցաւ տագնապին սկսելէն ասդին, եւ ահա, Թուրքիոյ այդ դիմակն ալ վար պիտի գայ գործնապէս…)։

Բազում մեկնաբանութիւններէն մէկն ալ այն է, որ ներքին ու արտաքին քաղաքական-դիւանագիտական էջերու վրայ ձախորդութիւններ արձանագրելէ ետք, Թրամփի վարչախումբը ձեւ մը կ՛որոնէ, «դիւանագիտական նուաճում» մը ձեռք բերելու համար, շահատուրք վճարողները ողոքելով՝ որ նման քայլ ի շահ իրենց է։ Նման պատճառաբանութեան սնանկութիւնը ապացուցելու փորձն իսկ աւելորդ է՝ ի տես պիւտճէական ահաւոր ու անտեղի մսխումներու, բարեկամին ու հակառակորդին դէմ յաճախ անտեղի պատժամիջոցներ ու առեւտրական արգելքներ սահմանելու քայլերուն։ Դէպքերուն հետեւողը դժուարութիւն չ՛ունենար եզրակացնելու, որ ամերիկեան ռազմավարութիւնն ու դիւանագիտութիւնը հասած են ձախաւերութեան այնպիսի աստիճանի մը, որուն ի տես, մարդ անվարան կը մտածէ, թէ ամերիկեան միջամտութիւնները միայն քանդում ու աւեր կը պատճառեն, անկախ անկէ, թէ ուժերը տեղ մը մո՞ւտք կը գործեն, թէ կը հեռանան որոշ գօտիէ մը։ Իրաքն ու Աֆղանիստանը կը կազմեն նման հաստատումի մը ամէնէն արիւնալի եւ երկարաշունչ օրինակները, շղթան կարելի է երկարել այլ երկիրներով…

Էրտողան, որ անձկութեամբ կը սպասէր Ուաշինկթընի «կանաչ լոյս»ին, չծածկեց իր գոհունակութիւնը եւ յայտարարեց, որ թրքական ուժերը կրնան որեւէ պահու մուտք գործել հիւսիսային Սուրիա։ Ան նախապէս ակնարկած էր, որ իր հողերուն վրայ ապաստան գտած միլիոնաւոր սուրիացիներ պիտի տեղաւորէ քրտական գօտիին մէջ. նման քայլ բացայայտ սպառնալիք է քիւրտերուն, որպէսզի անոնք բռնագաղթի մատնուին։

ՄԱԿի մէջ ստեղծուեցաւ ահազանգային վիճակ եւ «յոռեգոյնին պատրաստուելու» տրամադրութիւն. խելամիտ մարդիկ շա՛տ լաւ գիտեն «զարգացած ու ժողովրդավար» Թուրքիոյ արդի եաթաղաններուն առաքելութեան տարողութիւնը, փորձուած՝ Իրաքի թէ նոյնինքն Թուրքիոյ հողերուն վրայ, 80ական տարիներէն ասդին, նաեւ անկէ շատ առաջ։ Ռուսիա, Իրան եւ այլ երկիրներ բացայայտօրէն զգուշացման հրաւէր ուղղեցին՝ յիշեցնելով, որ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի։ Դամասկոս բնականաբար կը կանգնի Սուրիոյ հողերու ամբողջականութիւնը պահպանելու իր վաղեմի դիրքորոշման վրայ, յիշեցնելով, որ «իսլամական պետութեան» դէմ իր բանակին տարած յաղթանակները պէտք չէ անտեսուին ու լուսանցքայնացուին։

Այս բոլորէն անդին, թէ՛ քիւրտերը եւ թէ թրքական արշաւանքի մը վատ հետեւանքներով մտահոգ շրջանակներ շեշտեցին այն մտավախութիւնը, թէ թրքական ուժերու հիւսիսային Սուրիա մուտքը պիտի վերակենդանացնէ… «իսլամական պետութեան» ահաբեկչական ուժերը, որոնք վերջին շրջանին սկսած էին խամրիլ։

***

Սուրիայէն իր ուժերը մասնակի թէ ամբողջականօրէն հեռացնելու Ուաշինկթընի որոշումը իրողապէս կը նշանակէ վերստին խառնել շրջանի խաղաքարտերը, սակայն նաեւ կը նշանակէ բազմաթիւ իրականութիւններու քողազերծում, գիծեր՝ որոնք մշուշներու ետին կը մնային մէկ կողմէ՝ Ուաշինկթըն-Անգարա «տարակարծութեան», միւս կողմէ՝ Մոսկուա-Անգարա «սիրաբանութեան», երրորդ գիծի մը վրայ, Թուրքիա-Իսրայէլ հակադրութեանց արծարծումով. եւ այսպէս՝ շարունակաբար։ Առանձնացնենք մէկ քանին։

– Ռուսիայէն արդիական հրթիռներ ձեռք բերելու Թուրքիոյ քայլը (իբրեւ թէ) վրդովմունքով դիտուեցաւ Ուաշինկթընի կողմէ, մինչեւ անգամ քօղարկուած սպառնալիքներ փոխանակուեցան, եւ ահա, «տարակարծութեան» վրայէն քօղը կը վերցուի եւ ներդաշնակութիւնը կը բացայայտուի։ Գաղտնիք չէ, թէ վերջին շրջանին, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեանց միջեւ բանակցութիւններ ու համակարգումի քայլեր առնուած են, ճամբայ հարթելով «միջամուխ չըլլալու» ամերիկեան այս որոշումին առջեւ։

– Յստակ չէ, թէ Մոսկուա ի՛նչ չափով կառչած պիտի մնայ «Սուրիոյ հողերուն ամբողջականութեան պահպանման» իր յանձնառութեան. տագնապի ամբողջ տեւողութեան, ռուսական կողմը զօրակից եղաւ ու կը մնայ Դամասկոսի՝ մասնաւորաբար ահաբեկչական-խափանարարական խմբաւորումներու սանձումի անոր ճակատումներուն մէջ, առաւելաբար մեկնելով շրջանին մէջ իր յենարանը պահպանելու մտասեւեռումէն, սակայն թրքական միջամտութիւնը տարբեր ոլորտ է։ Հոն պէտք է որոնել շրջանին մէջ միջազգային շահերու մրցակցութեան-ներդաշնակութեան գործօնները, առանց անտեսելու… սահմաններ չճանչցող զէնքի ճարտարարուեստի գործակատարները, եւ ահա անգամ մը եւս Թուրքիոյ կը վերապահուի «հաւատարիմ գործակատար»ի դեր. առերեւոյթ, Թուրքիա կ՛աշխատի հաւատարիմ ըլլալ թէ՛ ՆԱԹՕի իր զինակիցներուն եւ թէ իրեն զէնք տրամադրող Ռուսիոյ։ Արդեօք այս բոլորին մէջ անլուծելի խառնիճաղա՞նճ պէտք է տեսնել, թէ… դիմակներ վար առնելու իրականութիւն։

– Թրքական «բարեմիտ միջամտութիւնը», իբրեւ թէ անջատողական քիւրտերուն դէմ Սուրիոյ զօրակից ըլլալու դիտաւորութեամբ, այնքան կեղծ է, որքան ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի թրքական խաղերը։ Թուրքիա չէ մոռցած, որ ինք ժամանակ մը կայսրութիւն էր, մէկ յառաջապահ գետինը՝ արեւտմեան շահերուն, որոնք այսօր նոր ձեւաւորում կը ստանան Արեւելք-Արեւմուտք «կամրջումներու» ճամբով։ Անգարա Սուրիան, Իրաքն ու այլ երկիրներ մինչեւ այսօր ալ կը սեպէ կայսերական Թուրքիայէն իրեն հասած ժառանգութիւն. աւելի քան տասնամեակ մը առաջ կուլ տուաւ 1939էն ետք «անորոշութեան մատնուած», բայց իրողապէս իր հողերուն կցուած Ալեքսանտրէթը, այսօր իր հին քաղաքականութիւնը հետապնդելու համար գործնական քաջալերանք կը գտնէ… Երուսաղէմը մայրաքաղաք հռչակելու եւ Կոլանը կցելու Իսրայէլի քայլերուն տրուած հաւանութեամբ, որոնց կրնան հետեւիլ, այլապէս, պաղեստինեան նոր հողամասեր բռնակցելու քայլեր։ Ի վերջոյ, Միացեալ Նահանգներուն ու անոր դաշնակիցներուն գործակատարը ըլլալը նման վարձատրութիւններու յաւակնութիւն կ՛ընծայէ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Իսրայէլի…

– Քիւրտերը բնականաբար իրենք զիրենք կը գտնեն բազմաթիւ կողմերէ դաւաճանութեան ենթակայի կացութեան մէջ։ Անոնք հիմա կը զգան ամերիկացիներու եւ այլոց «բարեկամութեան» խայթոցը, որ իրենց պիտի հասնի թրքական հաւանական արշաւանքի մը ճամբով, եւ լուռ օրհնութեամբ դաշնակից-թշմանիներու։ Իրողապէս, Ուաշինկթըն որդեգրած կ՛ըլլայ քրտական ուժերը «ահաբեկչական խմբաւորումներ» նկատելու Անգարայի վարքագիծը, հետեւաբար, քրտական իրաւունքներու եւ ակնկալութիւններու թղթածրարը շուտով կրնայ իյնալ «ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքար»ի թիրախ դառնալու վտանգին տակ։ Թէ ինչպիսի՞ տարողութիւն ու հետեւանք կրնան ունենալ թրքական բանակ-քրտական ուժեր ճակատումները, ցոյց պիտի տայ ժամանակը  (պէտք չէ անտեսել այն հաւանականութիւնը, որ թրքական ծաւալումի մը ընդդիմադիր կողմեր նեցուկ կանգնին քրտական ուժերուն եւ Թուրքիան մատնեն այնպիսի կացութեան մը, որ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի բաժին հանուեցաւ 2006ի պատերազմին)։ Հոս բաղձանքներն ու ցանկութիւնները տեղ պիտի չունենան անշուշտ, այլ պիտի երեւի բիրտ իրականութիւնը, որ, յամենայնդէպս, սպառնական սլաքներ կ՛ուղղէ խնդրոյ առարկայ գօտիէն անդին, մանաւանդ աչքի առջեւ ունենալով Ծոցի շրջանի նորագոյն իրադարձութիւնները…։ Իսկ թէ ի՛նչ զարգացում կրնայ արձանագրուիլ քիւրտերուն եւ Սուրիոյ իշխանութեանց միջեւ յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, հոն ալ կայ բաց բեմ մը։ Այսուամենայնիւ, քիւրտերուն եւ բոլոր նմաններուն համար յստակ կը դառնայ, թէ «ամերիկացի դաշնակիցը», որեւէ այլ «դաշնակից»ի պէս, կը շարժի առաւելաբար իր սեփական հաշիւներով, անոնց ստեղծած դրական հովերը օր մըն ալ կրնան վերածուիլ վտանգալից փոթորիկներու, ինչպիսին է թրքական միջամտութեան մը դիմաց բացուած «կանաչ լոյս»ը։ Սեփական ուժին յենարանը եւ «թշնամիիս թշնամին բարեկամս» նկատելու վաղեմի իմաստութիւնը սակարանի բարձրացում պիտի ապրի։