Հալէպ Ամէն Հնարաւորը Պիտի Ընէ Աջակցելու Թուրքիոյ Գործողութիւններէն Տուժածներուն. Ժիրայր Րէիսեան

Սփիւռք

Սուրիոյ ժողովուրդին համար անընդունելի է Թուրքիոյ գործողութիւնները, որոնք ոտնձգութիւն են Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ: «Արմենփրես»-ին յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Ժիրայր Րէիսեան:

«Սուրիան ոչ առիթ կու տայ, ոչ ալ ընդունելի կը համարէ նման ոտնձգութիւնը: Սուրիան անվիճելիօրէն կը մնայ հաստատակամ ազատագրելու իր հողային տարածքները: Ակնյայտ է, որ  վտանգներ կան, եւ մենք պատրաստ ենք մեր աջակցութիւնը ցուցաբերելու բոլոր տուժածներուն` ըլլան  հայեր, թէ այլ ազգիներ»,- ըսած է Ժիրայր Րէիսեան:

Ան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ այս գործողութիւնները պիտի յանգեցնեն անկայունութեան, որուն կը ձգտի պաշտօնական Անգարան:

«Թուրքիոյ ցանկութիւնն է ատիկա: Այս ամբողջ ընթացքին շատ յստակ հակասուրիական քաղաքականութեան մէջ եղած է եւ միշտ փորձած է պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալ: Սուրիացի ժողովուրդը իր իրաւունքը վերականգնելու համար հաստատակամ է»,- ըսած է Ժիրայր Րէիսեան:

Այն հարցումին, թէ արդեօք կան յստակ տուեալներ Թուրքիոյ կողմէ ներխուժուած տարածքներու մէջ բնակուող հայերու թիւին մասին, Ժիրայր Րէիսեան նշած է, որ դժուար է ըսել, քանի որ գրեթէ հայաթափուած շրջաններ էին: Քիչ թիւով ընտանիքներ մնացած են:

«Ինծի համար մտահոգիչ է, որ թիրախ դարձած է նաեւ Գամիշլի շրջանը, ուր տուժողներ կան: Անկասկած Հալէպ ամէն հնարաւորը պիտի ընելէ, որ ոչ մէկ հայ, կամ այլ ազգի ներկայացուցիչ դժուարութիւններու առջեւ չմնայ»,- ըսաց է Րէիսեան: