Թրքական Օդուժը Իրաք-Սուրիա Սահմանին Վրայ Ոչնչացուցած Է Երկու Կամուրջ

Աշխարհ

Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանին վրայ թրքական օդուժի յարձակումին պատճառով երկու կամուրջ ոչնչացուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ»-ը` յղում կատարելով «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ վերահսկուող Սամալքա հսկիչ անցակէտին դէմ օդային հարուածները Հասաքա նահանգի հիւսիս արեւելեան շրջանին մէջ երկու կամուրջներ քանդած են:

Զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չկան: Կը հաղորդուի, որ թրքական օդուժը օրուան ընթացքին տարածքին վերեւ քանի մը անգամ թռիչքներ կատարած է եւ միայն երեկոյեան յարձակում գործած: