Կարօ Փայլան Կը Հակազդէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Նոր Կանոնագիրի Պայմաններուն

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը պատրիարքութիւն հասած է 23 Սեպտեմբեր 2019-ին: 1961, 1990 եւ 1998 թուակիր պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնները բնական թեկնածու ներկայանալու եւ պատրիարք ընտրուելու կարելիութիւն կու տար այն հոգեւորականներուն, որոնք ի հօրէ թրքահպատակ էին, անկախ իրենց պաշտօնավարման կամ բնակութեան վայրէն:

Մինչդեռ 2019-ի կանոնադրութիւնը, ընդհանուր գիծերու մէջ կրկնելով հանդերձ իր նախորդները, որպէս պատրիարքութեան թեկնածութեան նախապայման կը դնէ՝ ըլլալ «Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան յատկացեալ եպիսկոպոսաց դասուն» անդամ: Այս կէտը ի սկզբանէ իսկ կը խոչընդոտէ ժողովրդավար ու արդար ընտրութեան մը կազմակերպումը՝ բոլոր թեկնածուներուն մասնակցութեամբ:

Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան Դպրեվանքը տարիներ առաջ փակուած է եւ անիկա փաստօրէն զրկուած է հոգեւորականներ հասցնելու կարելիութենէն: Ուրեմն աթոռը այժմ ունի միայն երեք եպիսկոպոսներ: Այս կանոնադրութեամբ դրուած նախապայմանը ակնյայտ է, որ մեծ նեղութիւն մը պիտի ստեղծէ հայ համայնքին առջեւ՝ ապագային պատրիարքական ընտրելիներ գտնելու ուղղութեամբ:

Ուստի, երբ նկատի առնուի նաեւ հանրապետական շրջանին տեղի ունեցած պատրիարքական ընտրութիւններու արդիւնքին պատրիարք ընտրուած անձերուն մեծ մասամբ (Խաչատուրեան, Գալուստեան, Գազանճեան) արտասահմանի պաշտօնավարութենէն Պոլիս գալու հանգամանքը, անկարելի է իրաւացի չնկատել Պոլսոյ պատրիարքութեան նիւթին շուրջ յայտնած անհանգստութիւնը:

Ուրեմն,

– Ինչո՞ւ արտասահմանի բնական թեկնածուներուն մասնակցութեան կարելիութիւն չընձեռող յօդուած մը աւելցուած է Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութեան մէջ, հակառակ 1961-ի, 1990-ի եւ 1998-ի կանոնադրութիւններուն:

– Ինչո՞ւ արգելք կը դրուի արտասահմանի՝ ի հօրէ նախկին թրքահպատակ թեկնածուներու ընտրութեան մասնակցութեան, երբ փակուած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան դպրեվանքը եւ նոր հոգեւորականներ պատրաստելու ուղղութեամբ կան լուրջ խնդիրներ:

– Խնդրոյ առարկայ յօդուածին վերաբերեալ իրենց անհանգստութիւնը արտայայտած են նաեւ պատրիարքական տեղապահը եւ կրօնական ժողովի ատենապետը: Նկատի ունենալով նաեւ Սահմանադրական ատեանի 10 Յուլիս 2019 թուակիր որոշումը, ըստ որուն՝ խախտուած է կրօնական ազատութիւնը, չի՞ նշանակեր արդեօք, որ ձեր կառավարութիւնը կը շարունակէ տակաւին միջամտել հայոց եկեղեցւոյ ներքին գործերուն:

ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ Տիգրանակերտի երեսփոխան