ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականները Հայաստան Այցի Ծիրէն Ներս Կ՝այցելեն Նաեւ Արցախ

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ-ի քոնկրէսականներ Ճէքի Սփիր-Կանչելեան, Ճուտի Չու եւ Ֆրանք Փալոն՝ Հոկտեմբեր 1-ին, Հայաստան մէկ շաբթուայ այցի ծիրէն ներս՝ որոշած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելել: Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Ամերիկայի ձայն»-ի տուեալներով՝ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն ներս կայացած Ամերիկայի հայկական համագումարին ծիրէն ներս՝ յայտարարած է Փասատենան ներկայացնող Ճուտի Չուն։

«Ես առանձնակի հետաքրքրութեամբ կը նախատեսեմ Արցախ այցելել, որպէսզի համոզուիմ, թէ այնտեղ իրավիճակը ինչպէս է»,- ըսած է ան։

Քոնկրէսական Չուի նախաձեռնութիւնը, որ շուրջ մէկ ամիս առաջ ընդունուած էր ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի մեծամասնութեամբ, կը նախատեսէ ղարաբաղեան զինադադարը ամրապնդող Ռոյս-Էնկելի առաջարկի իրականացման համար 4 միլիոն տոլար յատկացնել: Այդ գումարով Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին երկայնքով պիտի տեղադրուին յատուկ սարքեր, որոնք թոյլ պիտի տան պարզելու, թէ որ կողմը խախտուած է զինադադարը։

«Այս միջոցները ուղղուած են խաղաղութեան ամրապնդման ու զինադադարը խախտողները պատասխանատւութեան ենթարկելուն»,- ըսած է քոնկրէսականը:

Ճուտի Չու նաեւ պիտի փորձէ յաւելեալ 6 միլիոն ուղղակի ամերիկեան օգնութիւն ապահովել Ղարաբաղին: Քոնկրէսականին խօսքով, ան տպաւորուած էր անցնող գարնան Քոնկրէսի մէջ կայացած Հայաստանի առաջին տիկին Աննա Յակոբեանի հետ հանդիպումէն։

«Արցախ այցելել յատկապէս շատ կ՝ուզեմ, որպէսզի իրավիճակին ծանօթանամ, տեսնեմ, թէ այնտեղ ինչ կը կատարուի եւ ապագային կարենամ ալ աւելի լուրջ աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախի մէջ խաղաղութեան հաստատման»,- ընդգծած է ան:

Քոնկրէսի մէջ հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի հիմնադիր եւ համանախագահ քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնի կարծիքով՝ իրենց այցը յատկապէս կարեւոր է, քանի որ ամերիկեան օրէնսդիրներու առաջին այցն է Հայաստան Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք։

«Մեր այցին պատճառներէն մէկը այն է, որ մեր խումբը կ՝ուզէ աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի նոր կառավարութեան ու խորհրդարանին»,- ըսած է Փալոնի:

Անոր խօսքով, հակառակ անոր, որ Պետքարտուղարութիւնը ամերիկացի օրէնսդիրներուն խորհուրդ տուած է խուսափելու Ղարաբաղ այցելութենէն, պատուիրակութիւնը որոշած է այնուամենայնիւ կատարել նաեւ այդ այցելութիւնը: Հայաստան այցելութեան ծիրէն ներս՝ քոնկրէսականները կը նախատեսեն հայաստանցի գործընկերներու հետ քննարկել քաղաքական եւ առեւտրատնտեսական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնումը։

«Մենք շատ խանդավառուած ենք Թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով։ Հայաստանը աւելի ժողովրդավար երկիր դառնալու ճանապարհին է։ Մեզի կ՝ոգեշնչէ նոր կառավարութեան՝ փտածութեան դէմ պայքարի, դատաիրաւական բարեփոխումներու իրականացման եւ երկրին մէջ օրէնքի գերակայութեան հաստատման ուղղուած քաղաքական կամքը»,- նշած է ան: