Նախկին Ոստիկանապետը Նշանակուեցաւ Վարչապետի Գլխաւոր Խորհրդական

Հայաստան

ԵՌԱԳՈՅՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով՝ նախկին ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը նշանակուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդական։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի փոխանցմամբ՝ e-gov.am կայքին մէջ ըսուած է.

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասով՝ Վալերի Օսիպեանը նշանակուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդական»։