Ռումանիոյ Ծերակոյտը Հոկտեմբեր 12-ը Հայոց Լեզուի, Այբուբենի եւ Մշակոյթի Օր Հռչակելու Նախագիծ Ընդունած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ռումանիոյ Ծերակոյտը, Սեպտեմբեր 18-ին, միաձայն ընդունած է Հոկտեմբեր 12-ը Ռումանիոյ մէջ Հայոց լեզուի, այբուբենի եւ մշակոյթի օր հռչակելու մասին օրինագիծը։

Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սերգէյ Մինասեան:

«Անիկա ներկայացուած էր Ռումանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ Վարուժան Փամպուքչեանի եւ Վարուժան Ոսկանեանի նախաձեռնութեամբ։

Համաձայն Ռումանիոյ ներքին ընթացակարգերուն՝ օրինագիծը պէտք է նաեւ հաւանութիւն ստանայ Խորհրդարանի Ստորին պալատին կողմէ եւ ստորագրուի երկրի նախագահին կողմէ»,- գրած է դեսպանը։