ՀՀ Նախագահը Վալերի Օսիպեանը Ոստիկանութեան Պետի Պաշտօնէն Հեռացուելու Հրամանագիր Ստորագրած է

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Վալերի Օսիպեանը ոստիկանութեան պետի պաշտօնէն հեռացուելուն մասին:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասին, ինչպէս նաեւ «Ոստիկանութեան մէջ ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 2-րդ մասին, Վալերի Օսիպեանը հեռացնել Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետի պաշտօնէն»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ: