Քարվաճառ Քաղաքին Մէջ Պիտի Կազմակերպուի «Մեղրի Փառատօն»

Այլեւայլ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 14-ին Շահումեանի շրջկեդրոն Քարվաճառ քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպուի «Մեղրի փառատօն»:  Շրջանին մէջ նման փառատօն առաջին անգամ կը կազմակերպուի, մտայղացումը Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանինն է:

Փառատօնի մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վայելելու Շահումեանի շրջանի մեղրը, ինչպէս նաեւ համտեսելու աւանդական ճաշատեսակներն ու քաղցրեղէնը: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած է նաեւ մշակութային մաս:

Աւելցնենք, որ փառատօնի համար պիտի գործէ անվճար փոխադրամիջոց. Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն, ժամը` 08:00-ին, 2 հանրակառք պիտի շարժին դէպի Քարվաճառ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ապարաժ»-ը։