Արցախի ՏԻՄ Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի Սատարած 80 Թեկնածուներուն Մեծամասնութիւնը` Ընտրուած

Հայաստան

«Ապառաժ» կը հաղորդէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի սատարած 80 թեկնածուներուն մեծամասնութիւնը ընտրուած է, յատկապէս` գիւղական շրջաններուն մէջ:

Դաշնակցութիւնը յաղթանակներ ապահովեց Արցախի Աշան, Կաղարծի, Պառաւաթումբ, Հացի, Ննգի, Դրախտիկ, Աւետարանոց, Ծոփաձոր, Քաշունիք եւ Գիշի, Չարեքտար, Նոր Էրքեջ, Հաւսաթաղ եւ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ: Թաղավարդի մէջ յաջողեցաւ ՀՅԴ-ի պաշտպանած թեկնածուն:

Իսկ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղի համայնքապետ ընտրուեցաւ ծնունդով գամիշլիցի, հայրենադարձ, ՀՅԴ-ի անդամ Անդրանիկ Չաւուշեան: Անդրանիկ Լիբանանէն վերադարձաւ հայրենիք եւ երկար տարիներէ ի վեր կը բնակի Արցախի մէջ, մասնակցած է Արցախի քառօրեայ պատերազմին, այժմ կը զբաղի հողագործութեամբ:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի տուեալներուն, Ստեփանակերտի մէջ ձայներուն մեծամասնութիւնը ստացաւ քաղաքապետի թեկնածու Դաւիթ Սարգսեան, Շուշիի մէջ` Արծուիկ Սարգսեան, Ասկերանի մէջ` Սամուէլ Աղաջանեան, Մարտունիի մէջ` Հայկ Սարգսեան, Մարտակերտի մէջ` Միշա Գիւրջեան, Հատրութի մէջ` Վահան Սաւադեան, Բերձորի մէջ` Նարեկ Ալեքսանեան, Քարվաճառի մէջ` Սերկեյ Չիլինգարեան: