Ֆրանսահայ Բժիշկները Ակնաբուժական Ծագիր Իրականացուցած են Տաւուշի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը (UMAF) Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատան աջակցութեամբ Տաւուշի մարզին մէջ իրականացուց «Ակնոցներ Հայաստանի համար» բարեգործական, առողջապահական ծրագիրը:

Ինչպէս կը յայտնէ նշեալ դրամատունը, չորրորդ տարին անընդմէջ դրամատանի աջակցութեամբ UMAF-ի բժիշկները իրենց հետ հայրենիք կը բերեն մեծ թիւով ակնոցներու ոսպնեակներ, տարրալուծական եւ ակնաբուժական սարքեր`  տեղւոյն վրայ ստուգելով երեխաներու տեսողութիւնը ու հարկ եղած պարագային անոնց համար կը պատրաստեն եւ կը նուիրեն անհրաժեշտ ակնոցներ: Ծրագրի ծիրէն ներս այս տարի Տաւուշի մէջ հետազօտուած է շուրջ 600 երեխայ:

«Տեսողութիւնը շատ կարեւոր բան է երեխաներու համար, որովհետեւ, երբ երեխան լաւ չի տեսներ, չի կրնար լաւ հետեւիլ իր դասերուն: Լաւ սորվելու համար պէտք է լաւ տեսնել: Ուրիշ քաղաքներէն ալ երեխաներն հանրակառքով կը բերեն. Կը կազմակերպենք, որպէսզի երեխաները կարենան գալ եւ ճանապարհային խնդիրներ չունենան: Շնորհակալ ենք մեր գործընկեր Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատան․ արդէն քանի մը տարի է՝ դրամատունը ծրագրին հարկաւոր գումարին մեծ մասը կը տրամադրէ: Այդ միջոցներով մենք կը կազմակերպենք անհրաժեշտ սարքերու տեղափոխութիւնը Ֆրանսայէն Հայսատան ու կ՛իրականացնենք նաեւ կազմակերպչական այլ աշխատանքներ»,-իր խօսքին մէջ նշած է Հայաստան ժամանած Ֆրանսայի բժիշկներու միութեան անդամ, ծրագրի համահիմնադիր Պետրոս Օհանեան:

2016-ին մեկնարկած Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ Բանկի եւ UMAF-ի համագործակցութեամբ իւրաքանչիւր տարի ֆրանսահայ բժիշկները Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ երեխաներու համար կ՛իրականացնեն ակնաբուժական ավճար ծրագիր: