Կերմուշի Հայկական Սուրբ Աստուածածին Վանքը Վերացման Վտանգի Տակ է

Աշխարհ, Էրկիր

Ուրֆայի (Եդեսիա) Հալիլիէ գաւառի Կերմուշ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերջնականապէս փլուզուելու վտանգի տակ է: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կ՛ահազանգեն թրքական լրատուամիջոցները:

Աղբիւրին համաձայն` Ուրֆայէն 10 քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող եւ ենթադրաբար 19-րդ դարուն կառուցուած սոյն վանքը, իշխանութիւններու անտարբերութեան հետեւանքով, աւերակի վերածուած է: Հայկական եկեղեցւոյ կողքին գտնուող միւս հոգեւոր կառոյցը լիովին անհետացած է, իսկ Կերմուշի եկեղեցին հազիւ կանգուն կը մնայ:

Եկեղեցին վերականգնելու վերաբերեալ Հալիլիէ գաւառապետարանի կողմէ ներկայացուած նախագիծը թէեւ անցեալ տարի հաստատուած էր, սակայն մինչ օրս միայն եկեղեցւոյ շուրջը ելեկտրական սիւներ կանգնեցուցած են։  Հրապարակման մէջ կը նշուի նաեւ, որ եկեղեցին պարբերաբար կ՛ենթարկուի գանձագողերու աւերածութիւններուն եւ օրըստօրէ կիճակը աւելի կը վատանայ:

Կերմուշի հայկական եկեղեցին, դեռ 2011-ի Հոկտեմբեր 23-ին, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան առաջարկով եւ Նախարարներու խորհուրդի որոշումով հռչակուած է որպէս «Զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոն»: Թէեւ արդէն բաւական երկար ժամանակ անցած, սակայն որեւէ աշխատանք չէ կատարուած: Եկեղեցւոյ շուրջ բացուած անհամար փոսերը մեծապէս կը վնասեն պատմական կառոյցին:

Եկեղեցւոյ մօտ բնակող Ճասըմ Աջարը թրքական լրատուամիջոցին յայտնած է, որ ժամանակին սոյն թաղամասին մէջ եղած է 900 տուներ, որոնցմէ հազիւ 4-5 տուն մնացած է: Իսկ Ուրֆայի Զբօսաշրջիկներու ուղեկցորդներու միութեան նախագահ Միւսլիւմ Չոպանը ցաւով յայտնած է, որ եկեղեցին լիովին անհետանալու վտանգի տակ է:

Թրքական լրատուամիջոցը նաեւ կը հաղորդէ, որ 1915-էն առաջ Ուրֆայի ամենամեծ գիւղը եղած Կերմուշի մէջ, նշեալ եկեղեցիէն բացի, եղած է նաեւ հայկական դպրոց մը` 100-է աւելի աշակերտներով, իսկ գիւղին շուրջ պահպանուած են հին վանքի աւերակներ: Յայտնի է նաեւ, որ սոյն գիւղը նախքան Ցեղասպանութիւնը ունէր 800 տուն բնակչութիւն, իսկ յիշեալ եկեղեցին վերականգնուած էր 1881-ին, Յակոբ Արդվիսեանի կողմէ:

Գիւղի շուրջ առկայ հին վանքերուն անունները եղած են Սուրբ Յովհաննէս, Սուրբ Թադէոս, Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Մինաս: Սոյն գիւղին մէջ, բացի այս եկեղեցիէն, եղած են եւս 2 հայկական եկեղեցիներ, որոնք բոլորն ալ օգտագործուած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ հայերու կողմէ:

Վերջաւորութեան թրքական լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Մուստաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը այս գիւղը յատկացուցած է համիտիէ գունդի հրամանատարներէն Սիւմեր փաշային, եւ որ ներկայիս անիկա կը գտնուի Սիւմեր փաշայի ժառանգորդներուն ձեռքը:

Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը