Վերականգնուած է Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարանը

Սփիւռք

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի հայկական վարժարանը, որ պատերազմի ընթացքին ծանր վնասներու ենթարկուած էր, վերաշինուած եւ վերականգնուած է։

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Նորա Արիսեան ֆէյսպուքի իր հարթակին վրայ կը տեղեկացնէ այս մասին գրելով. «Ահաբեկչութեան հետևանքները վերացնելով, վերականգնուեցաւ Ազգ. Միացեալ Վարժարանը, Դամասկոսի Արուարձանին մէջ: Շնորհաւոր բոլոր Դամասկահայութեան»։