«Տաշիր»-ի Սեփականատէրը եւ Comedy Club-ի Հիմնադիրը Հիմնած են Հայ Ձեռնարկատէրերու Ընկերակցութիւն

Սփիւռք

Խումբ մը հայ գործարարներ` «Տաշիր»-ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, հիմնած են «Հայ ձեռնարկատէրերու ընկերակցութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը:

Այդ մասին կը վկայեն «Սպարկ-ինտերֆաքս» համակարգի տուեալները:

Ընկերակցութիւնը այս շաբաթ գրանցուած Է Մոսկուայի մէջ, Կարապետեանը անոր նախագահն Է:

Կարապետեանէն բացի, ընկերակցութեան հիմնադիրներու մէջ են` «Տաշիր»-ի կողմէ վերահսկուող Ֆորա-պանքի նախագահ Հայկ Իգնատեանը, Comedy Club-ի հիմնադիր Արթուր Ջանիբեկեանը, «Տաշիր»-ի առաջին փոխնախագահ Վարուժան Արթենեանը, գինիներ ներմուծող «Լուդինգ»-ի համասեփականատէր Արմէն Շահազիզեանը եւ ուրիշներ: