Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի 10-ամեակին Առիթով` Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէս

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Պսալիմ-Մզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան Հինգշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2019-ին, նշեալ ցուցասրահին մէջ  բացումը կատարուեցաւ երիտասարդ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսին։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

«Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատ արաբերէնով իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, թէ երազով մեկնարկած տասնամեայ կառոյց մը արդէն վերածուած է արուեստի ընտրանիի հանդիպման վայրի: Տասնամեայ եռանդուն գործունէութեան ընդմէջէն, հարիւր ցուցահանդէսի կազմակերպումէն, աւելի քան 135 արուեստագէտներու հիւրընկալումէն` Լիբանանէն, սփիւռքէն, Հայաստանէն թէ Արցախէն, երիտասարդ արուեստագէտներու քաջալերման նախաձեռնութենէն ետք Համազգայինի արուեստի այս ցուցասրահի տնօրէնութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը` այս վայրը պահելու իբրեւ կամուրջ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ, յատկապէս` մարդկային, մշակութային ու արուեստի ոլորտներուն մէջ: «Այս կեդրոնը պիտի շարունակէ մնալ վերանորոգ, ինչպէս որ էր` պատգամ բոլոր անոնց համար, որոնք յոյսով կը նային վաղուան», ընդգծեց ան` նշելով, որ ցուցասրահի 10-ամեակին առիթով այսօր երիտասարդ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի բացումը կը կատարուի, ինչ որ առիթ մը պիտի ըլլայ անոնց սաւառնելու արուեստի յղացքներու մէջ:

Ապա «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով նշեց, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կից գործող «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը դարձած է տասը տարեկան, եւ այս առիթով Համազգայինի ցուցասրահի վարչութիւնն ու տնօրէնութիւնը    յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն արժանավայել կերպով պիտի նշեն այս ցուցասրահի հիմնադրութեան տասնամեակը: «Ահաւասիկ, այս երիտասարդական  նախաձեռնութեամբ, յատուկ պատգամով մենք մեկնարկը կը կատարենք 10-ամեակի նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ Հաւաթեան եւ աւելցուց. «Վստահեցնելով բոլորիդ, որ այս ցուցասրահը, անկախ Հայաստան-Լիբանան եւ լիբանանցի ժողովուրդ մշակութային կամուրջ մը դառնալու հանգամանքէն, ունի նաեւ մէկ այլ կարեւոր առաքելութիւն, որն է նաե՛ւ քաջալերել երիտասարդ սերունդը հայ մշակոյթին, հայ՛ արուեստին, հայ հոգեմտաւոր արժէքներուն շուրջ համախմբուելու եւ իբրեւ այդպիսին իր ծառայութիւնը բերելու մեր ժողովուրդի գոյութեան երթին»:

«Առանց երիտասարդութեան այսպիսի առաքելութիւններ, ցուցասրահներ, ժամանակի ընթացքին կը մատնուին ծերութեան, հետեւաբար մենք անցնող տարիներուն  հիւրընկալեցինք Հայաստանէն եւ Արցախէն երիտասարդներու եւ աւարտական դասարաններու ցուցահանդէսներ, եւ այսօր ահաւասիկ մենք հաւաքուած ենք ըմբոշխնելու մեր նոր սերունդի առաջին, բայց հաստատուն  քայլերը հայ կերպարուեստի բնագաւառին մէջ», ընդգծեց Հաւաթեան:

«Այստեղ կաեւոր է անդրադառնալ նաեւ այն հանգամանքին, որ լիբանանահայ գաղութը այս բոլորին մէջ կը ցուցաբերէ յատուկ հոգածութիւն, այս բոլորը տեղի պիտի չունենային, եթէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան յատկապէս «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան եւ նաեւ այլ ակադեմիաներ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործին լծուած չըլլային», շեշտեց Յակոբ Հաւաթեան: «Վերջապէս, դուք պիտի տեսնէք, որ մեր տղաքն ու աղջիկները ինչպիսի՛ համարձակութեամբ իրենց իւրայատուկ ոճն է, որ կը դնեն մեր դիմաց` ինքնավստահ, քաջ եւ նաեւ նպատակասլաց. եւ այդպէ՛ս պէտք է ըլլայ, երիտասարդութիւնը ընդօրինակողը պիտի չըլլայ հինին, այլ` պիտի կառուցէ ի՛րը, զարգացնէ՛ հինը եւ անոր վրայ խարսխէ մեր մշակոյթի ընդհանուր երթը», եզրափակեց Հաւաթեան` յաջողութիւն մաղթելով երիտասարդ արուեստագէտներուն եւ Համազգայինի Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին` նշելով,  որ մշակութասէրներու քաջալերանքով եւ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեամբ լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ վառ պահել մշակոյթի ջահը իր բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Իր կարգին, ձեռնարկի հովանաւոր` Պսալիմ-Մզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան  ուրախութիւն յայտնեց այս ձեռնարկին ներկայ գտնուելուն համար` բարձր գնահատելով «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի գործունէութիւնը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Յակոբ Հաւաթեանին` նշելով, որ դիւրին գործ չէ երիտասարդ արուեստագէտները բացայայտել ու քաջալերել` վերահաստատելով իր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերելու պատրաստակամութիւնը: Քաղաքապետ Սըմաան ըսաւ, որ «Մենք Մզհերի մէջ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին եւ  մեր հայ եղբայրներուն հետ կ՛ապրինք իբրեւ մէկ ընտանիք», եւ մաղթեց նոյն ոգիով շարունակել իբրեւ մեծ ընտանիք` Մզհերի եւ Պուրճ Համուտի միջեւ:

Ձեռնարկին մասնակից տասը երիտասարդ արուեստագէտներէն Գարամուշ (Մուշեղ Գարավարդանեան, որ կամքէ անկախ պատճառներով չէր մասնակցած ձեռնարկի նախօրեակին  կատարուած  հարցազրոյցին), այս առիթով «Ազդակ»-ին հետ զրոյցի պահուն իր գոհունակութիւնը յայտնեց` շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն, յատկապէս` ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին եւ ձեռնարկի հովանաւորին: Արուեստը, յատկապէս` գեղանկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը իր նախասիրած զբաղումներէն եղած են, անոնք մանկութենէն ի վեր իր մէջ աճելով եւ կուտակուելով  ու ապա համալսարանական մասնագիտութեամբ հետզհետէ ծաղկած ու արուեստի ոլորտը թեւակոխած են: Գարամուշ անհատական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներու մասնակցած է Լիբանանի եւ Ֆրանսայի (Փարիզ) մէջ: Ան հմտացած է ու կ՛օգտագործէ գեղանկարչութեան գրեթէ բոլոր տեսակները` մատիտով, իւղաներկով թէ կուաշով: Անոր գործերը երեւակայութեան եւ իրականութեան գիրկընդխառնումի ու մտայղացքի արգասիքն են: Ան խորապէս ազդուած է ֆրանսացի տպաւորապաշտ արուեստագէտ Էտուար Մանէի արուեստի ոճէն: Գարամուշ յայտնեց, որ իր գործերուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ կ՛առնէ եւրոպական, յատկապէս ֆրանսական եւ իտալական արուեստի դպրոցներու ազդեցութիւնը Միջին Արեւելքի (այս պարագային` Լիբանանի) մտայղացքին ու մտածողութեան վրայ:

Ցուցահանդէսին մասնակցած երիտասարդ արուեստագէտներն են` Արին Չէքիճեան, Արամ Փափազեան, Քրիստ Իսկէնտէրեան, Քրիսթինա Գապաքեան, Հրանդ Գալեմքէրեան, Մուշեղ Գարավարդանեան, Նորայր Պուտաքեան, Նաթալի Խաչատուրեան, Նորա Տիպան եւ Սիլվիա Սէրայտարեան:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 2019 եւ բաց է ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: