Վայոց Ձորի Մէջ Պիտի Նշուի Գլաձորի Համալսարանի Հիմնադրութեան 735-ամեակը

Այլեւայլ, Հայաստան

Վայոց ձորի մարզին մէջ Սեպտեմբեր 6-ին պիտի նշուի Գլաձորի համալսարանի հիմնադրութեան 735-ամեակը:

Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը, մարզին մէջ նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ:

Թանահատի վանական համալիրին մէջ, ժամը 15:00-ին պիտի կատարուի օրհնութեան կարգ եւ պիտի մատուցուի Սուրբ պատարագ: Հոգեւոր եւ աշխարհիկ կատարումներով հանդէս պիտի գայ «Գեղարդավանք» երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, դոկտոր, փրոֆէսոր` Մհեր Նաւոյեան, խմբավար` Անահիտ Պապայեան):

Ժամը 17:00-ին, Եղէգնաձորի մշակոյթի տան յարակից տարածքին մէջ, առանձին տաղաւարով պիտի ներկայանայ Եղէգնաձորի երկրագիտական թանգարանը` խաչքարագործ, կաւագործ վարպետներու աշխատանքներու ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ վարպետաց դասեր պիտի ըլլան: Իրենց աշխատանքները պիտի ներկայացնեն մանրանկարչութեան վարպետները, ծղօտագործները:

Ձեռնարկին պիտի մասնակցին նաեւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնը եւ «Օրրան» բարեգործական կազմակերպութիւնը, որ պիտի կազմակերպէ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք:

Վայոց ձորի տարածաշրջանային պետական քոլեճի ուսանողները պիտի ներկայացնեն փայտի փորագրութեան աշխատանքներու ցուցադրութիւն, գինիի, քաղցրեղէնի համտես:

Ելոյթ պիտի ունենան մարզի պարային համոյթները: Պիտի ցուցադրուի «Երկրորդ Աթէնք Պանծալի» փաստավաւերագրական ֆիլմը: