Լիբանանահայ Ներդրողները Եղվարդի Մէջ Մտադիր են 600 Տուներէ Բաղկացած Թաղամաս Կառուցելու

Հայաստան, Սփիւռք

Լիբանանահայ ներդրողները Եղվարդի տարածաշրջանին մէջ մտադիր են կառուցելու 600 տուներէ բաղկացած թաղամաս: Այդ մասին իր ֆէսյպուքեան էջին մէջ յայտնած է Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեանը:

«Քիչ առաջ մարզպետարանին մէջ աշխատանքային հանդիպում ունեցայ լիբանանահայ ներդրողներու հետ, որոնք Եղվարդի տարածաշրջանին մէջ մտադիր են կառուցելու 600 տուներէ բաղկացած թաղամաս, ուր կրնայ բնակիլ մինչեւ 2800 բնակիչ: «Մայրի» կոչուող թաղամասին մէջ արդէն իսկ կառուցուած է 7 տուն, միւս տուներուն շինարարական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

«Նորակառոյց թաղամասը պիտի ունենայ մանկապարտէզ, կրթական համալիր, եկեղեցի, առեւտուրի կեդրոններ, ժամանցային վայրեր: Ներդրողները նշեցին, որ այսպիսով կը ցանկան նպաստել Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ հրաւիրեցին շրջայցի: Առաջարկը սիրով ընդունեցի` եւս մէկ անգամ շեշտելով, որ պատրաստ եմ աջակցելու որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը բխի համայնքի շահերէն եւ ուղղուած է քաղաքացիներու կեանքի որակը փոխելուն»,- գրած է մարզպետը: