Լիբանանի Նախագահը Օսմանեան Կայսրութիւնը «Ահաբեկչական» Կ՛որակէ

Աշխարհ

Մեծն Լիբանանի հռչակումի 100-ամեակի տօնակատարութեանց մեկնարկին առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 31 օգոստոս 2019-ին, լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց լիբանանցիներուն:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն կարեւոր նկատեց անդրադառնալ Լիբանանի պատմութեան վերջին տասնամեակներուն` հաստատելով, որ երկրին պատմութիւնը յիշելը կարեւոր է, «որովհետեւ այն ժողովուրդները, որոնք կը մոռնան իրենց պատմութիւնը, կը կրկնեն նոյն սխալները, կը լուսանցքայնացնեն իրենց դերակատարութիւնը եւ կը վտանգեն իրենց ապագան», շեշտեց ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ 1516-1918` չորս դար եւ երկու տարիներու ընթացքին, Լեռնալիբանանը ապրեցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ, եւ հակառակ իրենց ապրած որոշ ինքնավարութեան, լիբանանցիք տառապեցան, որովհետեւ օսմանեան վարչական բաժանումներուն պատճառով փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Լեռնալիբանանի աշխարհագրական տարածութիւնը, մինչ Լիբանանի միւս շրջանները անջատուեցան եւ ենթակայ մնացին օսմանեան ուղղակի տիրապետութեան:

Ան հաստատեց, որ օսմանեան իշխանութեան ճիրաններէն ազատագրուելու իւրաքանչիւր փորձի դիմաց կ՛արձանագրուէին բռնարարքներ, վայրագութիւն, ոճիր, ինչպէս նաեւ համայնքային սադրանքներ: «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ լիբանանցիներուն դէմ գործուած պետական ահաբեկչութիւնը, յատկապէս Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, պատճառ դարձաւ, որ հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներ զոհերը դառնան սովի, զինուորագրումի եւ բիրտ ու վայրագ այլ արարքներու: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան բարձրացուցած կախաղանները, որոնց ընդմէջէն անոնք փորձեցին ճզմել ազատատենչութեան ու պայքարի կամքը: Այս բոլորին կողքին պէտք է աւելցնել նաեւ ապահովական եւ վարչական բոլոր հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն դէմ հասած հարուածը, երբ Ճեմալ փաշան պաշտօնազրկեց Լեռնալիբանանի կառավարիչ Յովհաննէս փաշան: Այդ պատերազմէն ետք, օսմանցիներուն ձախողութեամբ է, որ Լիբանան մուտք գործեց ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ եւ սկսաւ իր պատմութեան նոր փուլը, որուն շնորհիւ կրցաւ հասնիլ 1920-ի Մեծն Լիբանանի հռչակումին, եւ ապա` անկախութեան», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան կոչ ուղղեց նորահաս սերունդներուն սորվեցնելու Լիբանանի պատմութիւնը` աւելցնելով, որ երկիրները կը գոյատեւեն, երբ անոնց գերիշխանութիւնը կը գոյատեւէ: