Էրտողան Հանդիպած է Մաշալեանի հետ. Շուտով Պիտի Հրապարակուի Կանոնակարգը

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:

Ինչպէս կը տեղեկացն «Ակօս»–ը, Էրտողան եպիսկոպոս Մաշալեանէն հետաքրքրուած է Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացով, որուն ի պատասխան, Մաշալեան նշած է, որ կը սպասեն, որ կառավարութիւնը հրապարակէ կանոնակարգը:

Նախագահը՝ հանդիպման ներկայ Ներքին Գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուէն այդ հարցով տեղեկութիւն պահանջած է:  ՆԳ նախարարը շեշտած է, որ մէկ շաբաթուան մէջ կառավարութիւնը կը հրապարակէ կանոնակարգը:

Նշենք, որ 2019–ի Մարտ 8–ին Պոլսոյ Հայոց 84–րդ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը մահացաւ, որմէ ետք պատրիարքական փոխանորդ ընտրուեցաւ եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան: Աւելի ուշ նաեւ ստեղծուեցցաւ ընտրութիւնները կազմակերպող եւ համակարգող նախաձեռնող խումբ, որուն նախագահ դարձաւ Խոսրով Քոլեդաւիթօղլու: