Արցախի Շօշ Գիւղը Նոր Մանկապարտէզ Ունի

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Սեպտեմբեր 3-ին այցելած է Ասկերանի շրջանի Շօշ գիւղ` մասնակցելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով կառուցուած մանկապարտէզի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Ինչպէս կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի մամլոյ գրասենեակը, 50 երեխայի համար նախատեսուած նախակրթարանը իր յարկին տակ պիտի ընդունի 30 երեխայի Շօշ գիւղէն: Ըստ նախնական պայմանաւորուածութեան` այս մանկապարտէզ պիտի յաճախեն նաեւ մօտակայ Մխիթարաշէն եւ Սզնէք գիւղերու երեխաները:

Իր խօսքին մէջ Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է համահայկական կառոյցին` ի դէմս  բարի գործը յանձն առած արժանթինահայյ Տէւեճիեան, Էքզերճիեան, Շիմշիրօղլու ընտանիքներուն` կարեւոր համաելով նախակրթարանի դերը երեխաներու դաստիարակութեան ու համայնքի զարգացման տեսանկիւնէն:

Պետական նախարարը հիմնադրամի գործադիր մարմինի ներկայացուցիչներուն եւ քաղաքաշինութեան նախարարին ուղեկցութեամբ ծանօթացած է նոր մանկապատրէզի պայմաններուն: Այս կառոյցը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երրորդ ծրագիրն է համայնքին մէջ, որ յաջորդած է դպրոցի ու բնակարանային շինարարութեան: