Փայլան Կը Քննադատէ Վանի, Տիգրանակերտի Եւ Մարտինի Քաղաքապետներուն Պաշտօնազրկումը

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Տիգրանակերտէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձաւ Տիգրանակերտի, Վանի եւ Մարտինի քաղաքապետերը պաշտօնանկ ընելու մասին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան 19 Օգոստոսի յայտարարութեան՝ գրելով, որ միայն չորս ամիս առաջ էր, որ նշեալ քաղաքներուն ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութեան ձայներով ընտրուած էին քրտամէտ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած այդ քաղաքապետերը, որոնց փոխարէն այսօր այդ պաշտօնները յանձնուած են պետութեան կողմէ նշանակուած ժամանակաւոր պաշտօնակատարներու: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրութիւնը, պէտք է արձագանգէ ժողովուրդին կամքին դէմ դնող այս ստոր գործընթացին: Լռելու պարագային, կարգը պիտի հասնի Անգարային եւ Պոլիսին»,- նշած է Փայլան: